ՎԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ կրթութեան նախարարութեան որոշումով, Վանի Այտընօճաք գիւղի հայկական գերեզմանոցին վրայ շինարարական աշխատանք սկսած է նախակրթարան մը եւ բնակելի շէնքեր կառուցելու նպատակով:
Ըստ թրքական «Միլլիյէթ» թերթի Երեքշաբթի, Ապրիլ 21ին հաղորդած տեղեկութեան, երեք օր առաջ սկսած շինարարական աշխատանքներուն ընթացքին մեծ թիւով մարդկային ոսկորներ եւ գանկեր յայտնաբերուած են: Գիւղացիներուն համաձայն, շինարարները յայտնաբերուած ոսկորները նետած են մօտակայ փոսի մը մէջ: Անոնք նաեւ հաստատած են, թէ վայրը հայկական գերեզմանոց է:
Գիւղացիները ընդդիմացած են շինարարական ծրագրին, սակայն իշխանութիւնները կը պնդեն, թէ չկայ որեւէ փաստաթուղթ, որ հաստատէ, թէ վայրը հայկական գերեզմանոց մըն է:
«Հայկական գերեզմանաքարերուն մեծ մասը քանդուած է, իսկ ուրիշներ՝ գիւղացիներու կողմէ օգտագործուած են իբրեւ շինանիւթ: Գերեզմանոցի վրայ դպրոց կառուցելը անարգական արարք է: Զայն կարելի էր օգտագործել զբօսաշրջային նպատակներով», լրագրողներուն ըսած են գիւղացիները: