37 տարի առաջ այս օր, 1972ի Ապրիլ 22ին, Սփիւռքահայութեան արիւնաբաշխ սիրտը հանդիսացող Լիբանանի հայութեան փառքի օրերու բարձրակէտին, յաւիտենական իր հանգիստը գտաւ հայ ժողովուրդի վաստակաշատ մեծ զաւակներէն եզակի անհատականութիւն մը, որուն անունն էր Ատուր Գապագեան։
Թէ՛ Հայ Դատի պահանջատիրական պայքարի սաստկացման, թէ՛ Լիբանանի քաղաքական կեանքէն ներս հայութեան ինքնուրոյն ուժի ամրագրման առումներով՝ մակընթացութեան ժամանակներ էին։ Իսկ այդպէս՝ Ապրիլեան բողոքի ձեռնարկներու եռուզեռին ու Մայիսին սպասուող խորհրդարանական անկիւնադարձային ընտրութեանց նախապատրաստական բուռն խմորումներու մթնոլորտին մէջ, հայ իրականութենէն առյաւէտ բաժնուողը ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչն էր, որ ամբողջ կեանք մը անխոնջ պայքարով շնչաւորած էր՝ ի խնդիր այդօրինակ օրերու նուաճումին, ի սպաս հայութեան ազգային-քաղաքական կամքին, հաւաքական ուժին եւ մարտունակութեան նուիրագործումին։
Պատմական նշանակութեամբ երեք կարեւոր հանգրուաններ իրարու կամրջող կեանք ու գործ կապուած են տոքթ. Ատուր Գապագեանի անունին։
– Մեծ Եղեռնով ու Հայաստանի անկախացումով բնորոշուող հայ ժողովուրդի պատմութեան օրհասական հանգրուանը հանդիսացաւ ընկեր Ատուրի երիտասարդական կազմաւորման ու ոգորման ժամանակաշրջանը։
– Հայաստանի խորհրդայնացումին եւ Կիլիկիոյ վերջնական պարպումին հետեւող տարագիր հայութեան համախմբման, ինքնակազմակերպման եւ հայապահպանման հանգրուանը, որ կÿերկարի 1920ականներէն մինչեւ Եղեռնի յիսնամեակ, կազմեց մայր օղակը տոքթ. Գապագեանի կեանքի շղթային՝ հայ կեանքի բոլոր ճակատներուն վրայ անձնուէր ու անխոնջ ծառայութեան անոր վաստակը հաստատագրելով։
– 1960ականներու սկզբնաւորութեան թափ առած Սփիւռքի ազգային-քաղաքական ղեկավարման սերնդափոխութեան հանգրուանը, որ Հայաստանի անկախութեան սերունդին բնական տերեւաթափին հետ պատասխանատուութեան ղեկին կոչեց սփիւռքածին սերունդի երիտասարդ ներկայացուցիչները, տոքթ. Գապագեանի համար հանդիսացաւ պայքարի դրօշը նորովի բարձրացնելու եւ գալիք սերունդներուն փոխանցելու արժանաւորութեան արարը։ Ատուր Գապագեան ծնած էր 1895ին, Կիլիկիոյ Այնթապ աւանին մէջ։ Մայրը մահացած է իր ծննդեան օրն իսկ։
Ուսումնատենչ պատանի՝ ղրկուած է Կեսարիոյ Ս. Կարապետ վանքը, որուն նախակրթարանը աւարտելէ ետք, Միջնակարգի տարիներուն, իր ըմբոստ խառնուածքին եւ դասընկերները ազգային-յեղափոխական գաղափարներով ոգեւորելուն համար, վտարուած է վանքէն։ 1912ին վերադարձած է Այնթապ ու յաճախած է Ամերիկեան քոլէճը։ Այդ տարիներուն Կիլիկիա կը գտնուէր դաշնակցական ականաւոր գործիչ Զարեւանդ՝ շրջանի հայ երիտասարդութեան գաղափարական կազմաւորումին եւ յեղափոխական կազմակերպումին սատարելու կուսակցական առաքելութեամբ։ Ատուր Գապագեան կը դառնայ Զարեւանդի գաղափարական գործունէութեան եւ երիտասարդական նախաձեռնութիւններուն ամէնէն աշխոյժ մասնակիցն ու օգնականը։ 1913ին արդէն կը կատարէ դաշնակցականի իր երդումը եւ մաս կը կազմէ ՀՅԴ Հովիտի (Այնթապ) կոմիտէութեան։
1915ին, Կիլիկիոյ հայութեան առաջին տեղահանութեան ժամանակ, Այնթապի տեղահան մեր ժողովուրդին հետ իր կարգին կÿանցնի Սուրիա, Համայի շրջանը։ Կը լծուի գաղթական հայութեան ինքնակազմակերպման աշխատանքին։ 1918ին, զինադադարէն ետք երկիր վերադարձող գաղթական հայութեան հետ՝ Ատուր դարձեալ Այնթապ կը գտնուի, բայց միայն կարճ ժամանակի համար, որովհետեւ 1919ին կÿանցնի Պէյրութ, Լիբանան՝ տեղւոյն Ամերիկեան համալսարանի մուտքի քննութեանց բացառիկ արդիւնք բերելով եւ բժշկական ուսման հետեւելու կրթաթոշակի արժանանալով։
Բայց նիւթական կարիքն ու կեանքի դժուարութիւնները ստիպած են ուսանող Ատուրին, որ ընդհատէ ուսումը եւ երկու տարի ուսուցչութիւն ընէ Ճիւնիի հայոց որբանոցին մէջ։ 1921ի Հոկտեմբերին վերադարձած է Ամերիկեան համալսարան եւ, շարունակելով ուսումը, 1924ին փայլուն յաջողութեամբ աւարտած է ատամնաբուժական դպրոցը եւ վկայուած է բժիշկ։
1921-1924 տարիներու ուսանողական շրջանին, Ատուր Գապագեան աշխոյժ մասնակցութիւն բերած է, Ամերիկեան համալսարանի բժշկական բաժնի ուսանողներ Աւետիս Ինճէճիկեանի եւ Երուանդ Խաթանասեանի հետ, Առաջին Աշխարհամարտի տարիներուն գործունէութենէ դադրած ՀՅԴ «Զաւարեան» Ուսանողական միութիւնը վերակենդանացնելու գործին։
1924ին, արդէն բժիշկ ու ամուսնացած, տոքթ. Ատուր Գապագեան կը հաստատուի Հալէպ, ուր կը մնայ եւ կը գործէ մինչեւ 1948 թուականը՝ գրեթէ մնայուն կերպով մաս կազմելով թէ՛ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Բերիոյ թեմի ազգային կեանքի ղեկավարումին, թէ՛ ՀՅԴ Լեռնավայրի Կեդրոնական կոմիտէի իրերայաջորդ մարմիններուն։
Հալէպի իր գործունէութեան այդ շրջանին է, որ տոքթ. Ատուր Գապագեան ի յայտ կը բերէ ազգանուէր գործիչի անխոնջ աշխատունակութիւնը եւ ազգային կեանքի դիմագրաւած ծանրակշիռ հարցերուն նկատմամբ հաւասարակշռուած ու շրջահայեաց մօտեցում դրսեւորող ղեկավարի իր շեշտակի ընդունակութիւնները։
Նոյն այդ շրջանին սկիզբ կÿառնէ, տասնամեակներու ընթացքին կÿամրապնդուի եւ մինչեւ մահ կը շարունակուի, իր կարգին Սուրիա հաստատուած, Նեմեսիս գործողութեան պատասխանատուներէն Հրաչ Փափազեանի հետ Ատուր Գապագեանի մտերմութիւնը, որ անմոռանալի Հալէպին կապուած գաղափարական աւանդի կը վերածուի՝ հաւաքական ղեկավարման ոճի հիմնաւորման առումով։
1948ին Պէյրութ տեղափոխութիւնը տոքթ. Ատուր Գապագեանի առջեւ կը բանայ ազգային-կուսակցական գործունէութեան աւելի լայն ասպարէզ։ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամակցութեան կողքին, տոքթ. Ատուր Գապագեան պատասխանատու պաշտօններու կը կոչուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ազգային կեդրոնական վարչութեան, ինչպէս նաեւ «Համազգային»ի եւ ՀՄԸՄի ղեկավար մարմիններուն մէջ, ամէնուր սկզբունքային, հաւատաւոր եւ հաւասարակշռուած ղեկավարումի իր ներդրումը բերելով եւ անխոնջ աշխատունակութեան վարակիչ օրինակ տալով։
1963ին, ՀՅԴ 18րդ Ընդհանուր ժողովին կÿընտրուի ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ 1967ին, ՀՅԴ 19րդ Ընդհանուր ժողովին կողմէ նոյն պաշտօնին վերընտրուելով՝ կը ստանձնէ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչի պատասխանատուութիւնը մինչեւ իր մահը։
Տոքթ. Ատուր Գապագեանի ազգային-քաղաքական նուիրաբերման բեղուն վաստակը ըստ արժանւոյն գնահատելու համար, անհրաժեշտ է լուսարձակի տակ առնել քաղաքացիական եւ ազգային-քաղաքական այն ծանրակշիռ դժուարութեանց պահերը, որոնցմէ անցաւ տարագիր հայութիւնը հայրենամերձ գօտիի հայօճախներուն մէջ։
Արաբական ազգայնականութեան զարթօնքին ընկերացող քաղաքացիական ցնցումները, տարածաշրջանէն ներս թափանցելու խորհրդային նկրտումները եւ հայօճախները իբրեւ խաղաթուղթ օգտագործելու Քրեմլինի հետեւողական փորձերը, ազգային միասնականութիւնը խոցող դաւանական թէ կուսակցական, տեղայնական թէ հայրենակցական տարակարծութիւններն ու հակամարտութիւնները բոլորն ալ հայ կեանքէն ներս յառաջացուցին այնպիսի վտանգաւոր պահեր, մինչեւ իսկ եղբայրասպան արիւնահեղութեան վիճակներ, որ միայն տոքթ. Գապագեանի օրինակով համազգային տեսլական ունեցող եւ համազգային պատասխանատուութեամբ առաջնորդուող ազգային-կուսակցական ղեկավարումը ի վիճակի կրնար ըլլալ յաղթահարելու վտանգները եւ հարթելու տարագիր հայութեան վերականգնումին փշոտ ճանապարհները։
Մտաւորական մարդու իր ողջմտութիւնը, դաշնակցականի սկզբունքայնութիւնը եւ անմնացորդ նուիրուածութիւնը, բայց մանաւանդ հաւասարակշռուած ու շրջահայեաց մօտեցումի տէր ղեկավարի իր բնատուր շնորհքը մեծապէս օգնեցին, որ տարագիր հայութիւնն ու Դաշնակցութիւնը կարենան ոչ միայն աւելի գօտեպնդուած շարքերով եւ ամրապինդ կառոյցներով վերականգնիլ այլեւայլ ցնցումներէ եւ հարուածներէ, այլեւ՝ հաստատաքայլ յառաջ երթալ երիտասարդացման ու յեղափոխական վերանորոգումի ուղղութիւններով։
Գաղափարի մարտիկի իր այդ եզակի ներդրումին բերմամբ, տոքթ. Ատուր Գապագեան մարմնաւորեց ազգանուէր գործիչի եւ դաշնակցական ղեկավարի ուրոյն դպրոց մը, որուն դրոշմը խորապէս զգալի է մեր սերունդներուն վրայ։