ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն երէկ Ուաշինկթընի մէջ, մէկ օր ուշացումով հանդիպեցաւ Հայաստանի իր պաշտօնակից Էդուարդ Նալբանդեանի հետ:
Մէկ օր առաջ նախատեսուած այս հանդիպումը յետաձգուած էր Քլինթընի անհանգստութեան պատճառաւ:
Հանդիպումէն առաջ տեղի ունեցած մամլոյ կարճ ասուլիսի ընթացքին, Քլինթըն շեշտեց Հայաստանի հետ երկարամեայ եւ դիմացկուն յարաբերութիւնները առաւել սերտացնելու եւ ընդարձակելու նախագահ Օպամայի կառավարութեան պատրաստակամութիւնը:
Իր կարգին, Նալբանդեան շնորհակալութիւն յայտնեց Ամերիկայի դերակատարութեան համար՝ Լեռնային Ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ լուծման եւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացներու ուղղութեամբ:
Նշենք, որ Քլինթըն երէկ պիտի հանդիպէր նաեւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ: Այդ հանդիպումը եւս մէկ օրով յետաձգուած էր:
Ուաշինկթընի մէջ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ հանդիպում նախատեսուած չի թուիր ըլլալ:
Թերթը տպագրութեան ուղարկած պահուն տակաւին որեւէ լրատուութիւն չէր հրապարակուած Քլինթընի եւ Նալբանդեանի հանդիպման արդիւնքներուն մասին: