ՊՈԼԻՍ, «Ռոյթըրզ», «Մարմարա».- Երկուշաբթի, Մայիս 4ի գիշերը տեղի ունեցող հարսանեկան խնճոյքի մը ընթացքին, քրտաբնակ հարաւարեւմտեան Թուրքիոյ Մարտին նահանգին Պիկլէ գիւղին մէջ առնուազն 44 հոգի սպաննուեցաւ, երբ դիմակաւոր չորս ահաբեկիչներ համազարկ բացին հարսանեկան տան վրայ: Անոնք նաեւ ռումբեր գործածեցին՝ անխտիր սպաննելով ներկաները, որոնց մէջ կային կիներ եւ մանուկներ։ Հետեւանքը զարհուրելի էր։ Դիակներուն տակ մնացած երկու պարմանուհիներ միայն փրկուած են յարձակումէն:
Գիւղի նախկին գիւղապետ Ճէմիլ Չէլէպիին դուստրն էր ամուսնացողը։ Կը կարծուի, որ յարձակողները, որոնք նոյն ընտանիքին մէկ տարբեր ճիւղին անդամներն են, գիւղական պահակներ էին, որոնք կառավարութեան կողմէ զինուած էին պայքարելու համար Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան դէմ:
Յարձակումը կատարուած է այն պահուն, երբ այրերը յատուկ սենեակի մը մէջ միասնաբար կ’աղօթէին։ Մեռեալներուն մէջ են նաեւ հարսն ու փեսան։ Գիւղը 32 տուն ունի:
Ներքին գործոց նախարար Պէշիր Աթալայ Երեքշաբթի օր յայտնեց, թէ արդէն իսկ ութ անձեր, իրենց զէնքերով, հսկողութեան տակ առնուած են իբրեւ կասկածելիներ, ու անհրաժեշտ հետապնդումները կը շարունակուին: Նախարարը անձամբ այցելեց գիւղը, որպէսզի տեղւոյն վրայ քննութիւններ կատարէ։