Երեքշաբթի, 28 Ապրիլին, Ազգ. առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահը հիւրընկալեց թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանին, Ազգ. վարչութեան եւ ծխական շրջաններու ազգային երեսփոխաններու ու հոգաբարձական կազմերու այս տարեշրջանի հերթական երրորդ հանդիպումը, առիթ ընծայելով միասնաբար քննելու հասարակաց հարցերն ու անոնց լուծումները եւ ծրագիրները։
Հաւաքական աղօթքէ ետք, ողջոյնի խօսք արտասանեց Ազգ. վարչութեան ատենապետ տոքթ. Կարօ Յակոբեան. ան նախ ժողովականութեան անունով ցաւակցական խօսք ուղղեց առաջնորդին՝ տիրամայր Մարի Մարտիրոսեանի մահուան տխուր առիթով։ Տեղի ունեցաւ յիշատակի աղօթք։ Ապա, տոքթ. Յակոբեան լուսաբանութիւն տուաւ հանդիպումին քննարկելի հարցերուն մասին, ու ողջունեց բոլոր ներկաները եւ յատկապէս Նորթ Հոլիվուտի նորակազմ շրջանի ծխական յանձնախումբի ներկայացուցիչները, որոնք առաջին անգամ ըլլալով մասնակցութիւն կը բերէին նման հաւաքի մը։
Յաջորդաբար խօսք առին ծխական շրջաններու հոգաբարձութեանց ատենապետներն ու ներկայացուցիչները։ Անոնք ժողովականները տեղեակ պահեցին իրենց նորագոյն իրագործումներուն ու անմիջական ապագայի ծրագիրներուն մասին։ Յատուկ շեշտադրութեամբ վեր առնուեցաւ ժողովուրդին ու յատկապէս երիտասարդութեան հետ մեր եկեղեցիներու կապերուն սերտացման անհրաժեշտութիւնը։
Հանդիպումի երկրորդ բաժինով, տոքթ. Յակոբեան ներկայացուց որոշ թելադրանքներ ու բացատրութիւններ, որոնք կը նպաստեն աշխատանքներու հեզասահ ընթացքին ու կանոնագրային տրամադրութեանց կիրարկման։
Հանդիպումին եզրափակիչ խօսքը արտասանեց առաջնորդը՝ ողջունելով այս հանդիպումին կատարուած ներդրումները, նշելով, որ նման հանդիպումներ կը ծառայեն հաւաքական հարստացման։ Ան վեր առաւ հովիւներուն ու ժողովականներուն գնահատելի դերակատարութիւնն ու նուիրեալ աշխատանքը եւ յիշեցուց, որ որ այս տարի թեմին մէջ եւս յատուկ ձեռնարկներով ու հանդիսութիւններով պիտի նշուի Երիտասարդութեան տարին, որ հռչակուած էր Արամ Ա. կաթողիկոսի կողմէ։ Առաջնորդը իր խօսքը եզրափակեց յորդորելով, որ մեր ժողովականութիւնը իր աշխատանքը յառաջ տանի կազմակերպուած ու աշխուժ կերպով։
Հանդիպումը վերջ գտաւ փակման աղօթքով։