Կիրակի, 26 Ապրիլը կրկնակիօրէն յիշատակելի օր մը եղաւ Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ ու անոր ծխական համայնքին համար։ Արդարեւ, թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Ս. պատարագին ու հետեւող արարողութեանց, կատարեց նորակերտ մկրտարանին օծումը եւ ներկայ հաւատացեալներուն ուղղեց իր պատգամը։ Յաւարտ պատարագի, ինչպէս թեմի բոլոր եկեղեցիներուն, նոյնպէս ալ Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստ՝ ի յիշատակ դար մը առաջ տեղի ունեցած Ատանայի կոտորածի զոհերուն։
Առաջնորդին պատգամէն առաջ, տեղի ունեցաւ նորակերտ մկրտարանին օծման, ինչպէս նաեւ խորանի նոր վարագոյրին օրհնութեան արարողութիւնը։ Առաջնորդին աղօթակից էին Եփրեմ արք. Թապագեան եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեան։
Իր պատգամին մէջ, առաջնորդը անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ այս Կիրակին կը կոչուի Կանաչ Կիրակի, երրորդը՝ Ս. Յարութեան տօնէն ետք. սա յիշատակումի օրն էր Վերջին ընթրիքին եւ կը հանդիսանայ, Յիսուսի օրինակին հետեւողութեամբ՝ հացի ու գինիի բաժնեկցութեան ու հաւատքի վերանորոգութեան ու տարածման յիշատակումի օր։ «Մենք ալ, իբրեւ ժառանգորդները այդ հաւատքին, պէտք է վերահաստատենք մեր յանձնառութիւնն ու վերանորոգենք հաւատքի մեր կեանքը», ըսաւ առաջնորդը։ Ան անդրադարձաւ նաեւ մկրտութեան ու վերանորոգութեան խորհուրդին: «Այս մկրտարանը թող ըլլայ մեր Տիրոջ վերածննդեան այդ պատգամին խորհրդանիշը», ընդգծեց ան, եւ օրհնութեան խօսք ուղղեց բարերարներուն՝ տէր եւ տիկին Արմէն Ագեանի, ինչպէս նաեւ Խոտանեան ընտանիքին, որոնք ստանձնած էին յաջորդաբար մկրտարանին ու վարագոյրին բարերարութիւնը։
Իր պատգամին մէջ, առաջնորդը անդրադարձաւ նաեւ 1909ին տեղի ունեցած Ատանայի կոտորածներուն եւ ոգեկոչեց յիշատակը 30,000 նահատակներուն, միաժամանակ վեր առնելով անհրաժեշտութիւնը մեր Դատին արդար լուծման։ Ան եզրափակեց ըսելով, որ մեր նորահաս սերունդները պէտք է դաստիարակել ոչ միայն անցեալի աւանդներով ու արժէքներով, այլ նաեւ բարգաւաճ ապագայի մը տեսլականով։