ԱՐԱ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ
Մերժուողը անգլիատառ հայակական թերթի մը՝ «Արմինեըն Ուիքլի»ի իմ պաշտօնակից խմբագիրն է՝ Խաչիկ Մուրատեանը:
Նալբանդեանի Ուաշինկթըն այցելութեան ընթացքին, Խաչիկը դիմած էր համապատասխան անձերու՝ նախարարին հետ հարցազրոյց մը ունենալու խնդրանքով:
Դիմումը մերժուած էր:
Այս մերժումը կÿանհանգստացնէ մեզ, շատ կÿանհանգստացնէ յատկապէս այս օրերուն, երբ մենք՝ հայկական մամուլի աշխատողներս, այնքան քիչ տեղեկութիւն կը ստանանք երեւանեան պաշտօնական աղբիւրներէն, որ ստիպուած կը փորձենք թրքական եւ ատրպեճանական աղբիւրները վերծանելով՝ հասկնալ այս «Ճանապարհի քարտէսը», ու մեր հասկցածը փոխանցել մեր ընթերցողներուն:
Մերժելով հարցազրոյցներ տալ հայ մամուլի ներկայացուցիչներուն՝ Նալբանդեան ոսկէ առիթ մը կորսնցուց այս խիստ կենսական հարցը լուսաբանելու, յստակացնելու, թէ՝ այս «Ճանապարհներու քարտէս»ը իսկապէս ի՛նչ նշանակութիւն ունի, եւ թէ ի՛նչ ճակատագրական հետեւանքներ կրնայ ունենալ Հայաստանի ապագային համար: Ասիկա նաեւ առիթ մըն էր, զոր նախարարը կրնար օգտագործել՝ ապատեղեկութիւններու եւ չարաշահութեանց առաջքը առնելու համար:
Այսօր, աւելի՛ քան երբեք, անհրաժեշտ է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները անկեղծ ու թափանցիկ ըլլան հայ ժողովուրդին նկատմամբ:
Արդարեւ, Ապրիլ 22ի միացեալ յայտարարութենէն ետք, Նալբանդեանի հայկական մամուլին հետ այսօրինակ վերաբերմունքը կասկածի քօղը աւելի եւս կը խտացնէ ընդհանրապէս այս բանակցութեանց գործընթացին շուրջ, եւ խնդրական կը դարձնէ Հայաստանի իշխանութեանց որդեգրած ռազմավարութիւնը:
Խ. Մուրատեան վստահաբար բազմաթիւ հարցեր ունէր տալու նախարարին:
Ան, անշուշտ, առաջին հերթին պիտի հարցնէր եթէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը «ուսումնասիրող» պատմաբաններու յանձնաժողով մը ստեղծելու համաձայնութիւն տուած է հայոց պետութիւնը, ան պիտի հարցնէր եթէ Հայաստանը համամտութիւն յայտնած է ճանչնալու Կարսի պայմանագիրը եւ եթէ տուած է Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծումի մը գծով իր դրական պատասխանը:
Այս ծանրակշիռ հարցերուն կողքին, Մուրատեան կրնար նաեւ հարց տալ նախարարին, եթէ Հայկական Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հետապնդումը կը մնայ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առանցքային խնդիրներէն մէկը: Եթէ այո՛, ապա ինչպէ՞ս բացատրել այն, որ Հայաստանի նախագահը «Ուոլ Սթրիթ Ճուռնըլ»ին տուած հարցազրոյցին մէջ յայտնած է, թէ ինք նախագահ Պարաք Օպամային առջեւ Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու հարց չէ բարձրացուցած:
Կամ՝ մէկ այլ հարց: Ի՞նչ դեր կը նախատեսէք Սփիւռքին՝ այս «Ճանապարհային քարտէս»ի գործընթացին մէջ:
Հարցերը կրնան շարունակուիլ. Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարի փոփոխութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ ազդել բանակցութեանց գործընթացին:
Հարց մը եւս. Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը ինչպէ՞ս կը դիմագրաւէ Լեռնային Ղարաբաղէն հնչած բողոքներն ու անհանգստութեան նշանները՝ Ղարաբաղի հարցի կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ: Արդեօ՞ք անոնց մտահոգութիւնները նկատի առնուած են Քլինթընի հետ «արդիւնաւէտ» քննարկումներուն ընթացքին:
Վերջապէս՝ ինչո՞ւ այս գաղտնապահութիւնը: