ԵՐԵՒԱՆ.- Հանդիպելով «Մետիամաքս» լրատուական գործակալութեան լրագրողին հետ՝ Հայաստանի նախագահի մամլոյ քարտուղար Սամուէլ Ֆարմանեան Երեքշաբթի, Մայիս 6ին հերքեց ատրպեճանական «ԱՊԱ» գործակալութեան տարածած լուրը, զոր գործակալութիւնը քաղած էր թրքական որոշ լրատուամիջոցներէ այն մասին, թէ՝ Փրակայի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահներու եռակողմ հանդիպում:
«Փրակայում Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիայի նախագահների եռակողմ հանդիպում ոչ միայն չի նախատեսւում, այլեւ բացառւում է», ըսաւ Ֆարմանեան:
Նոյն նիստին, անոր հարց ուղղուած է այն մասին, թէ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խնդիրը ներկայիս կը քննարկուի՞ հայ-թրքական բանակցութիւններու ընթացքին, ինչպէս պարբերաբար կը հաղորդեն ատրպեճանական ու թրքական լրատուամիջոցները: Պատասխանելով՝ Ս. Ֆարմանեան հաստատած է. «Մենք բազմիցս յայտարարել ենք, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման խնդիրը հայ-թուրքական բանակցային գործընթացքում որեւէ մակարդակով երբեւէ չի քննարկուել ու չի քննարկւում», աւելցնելով, որ արդէն ժամանակն է մերժելու նմանատիպ տեղեկութիւնները եւ այս բնոյթի ստայօդ հրապարակումները, որոնք շրջանառութեան մէջ կը դրուին այս կամ այն երկրի պետական գերատեսչութիւններու անանուն աղբիւրներուն կողմէ: