ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Հինգշաբթի, Մայիս 7ին, յաջորդական երկրորդ օրն ըլլալով, աշխատանքի ճակատէն դրական տուեալ մը հրապարակուեցաւ, սակայն միաժամանակ հաղորդուեցաւ, թէ անգործութեան ապահովագրութենէն օժանդակութիւն ստացողներուն ընդհանուր թիւը յաջորդական 14րդ շաբաթն ըլլալով, նոր մրցանիշ մը հաստատած է՝ հասնելով 6.35 միլիոնի: Արդարեւ, Հինգշաբթի օր հաղորդուեցաւ, թէ անցեալ շաբթուան ընթացքին նոյն ապահովագրութենէն օժանդակութիւն ստանալու համար առաջին անգամ դիմում կատարողներուն թիւը 601,000ի նուազած է, ինչ որ տնտեսագէտներուն կողմէ ակնկալուած 635,000 թիւէն շատ աւելի նուազ է:
Չորեքշաբթի օր հաղորդուած էր, թէ սեփական մարզին մէջ անգործներուն թիւին աճը ակնկալուածէն շատ աւելի արագ կերպով դանդաղած է Ապրիլ ամսուան ընթացքին: Այդ թիւը Ապրիլին 491,000ի նուազած էր, մինչ Մարտ ամսուան ընթացքին այդ թիւը 708,000 էր:
Միւս կողմէ, Հինգշաբթի օր շարք մը վաճառատուներ ակնկալուածէն աւելի դրական տուեալներ հաղորդեցին իրենց արձանագրած վաճառքներուն մասին, սակայն «Costco» ակնկալուածէն աւելի մեծ անկում մը հաղորդեց:
Վերջապէս, ինքնաշարժներու արտադրութեան ամերիկեան մեծագոյն ընկերութիւնը՝ «Ճի.Էմ.»ը հաղորդեց, թէ այս տարուան առաջին եռամսեակին 6 միլիառ տոլարի վնաս մը կրած է, իսկ եկամուտը իջած է 20 միլիառ տոլարով, ինչ որ 47 տոկոսի անկում մըն է՝ նախորդ տարուան առաջին եռամսեակին բաղդատած: