ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Մարտինի մէջ հարսանիքի մը ընթացքին 44 հոգիի սպանութիւնը կը շարունակէ զբաղեցնել Թուրքիոյ հանրային կարծիքը, որովհետեւ յաճախ չեն պատահիր այսպիսի վայրագ սպանութիւններ, որոնց զոհ կ՛երթան նոյն ընտանիքէն 40 հոգիներ, ներառեալ՝ նորածիններ։ Ներքին գործոց նախարար Պէշիր Աթալայ հաստատեց, թէ ոճրագործներուն մէջ, ինչպէս նաեւ զոհերուն, պետութեան կողմէ իբր պահակ վարձուած զինեալներ կային, եւ գործածուած զէնքերը կը պատկանէին պահակներուն։
Իր կարգին, քրտամէտ Ժողովրդավարական ընկերութիւն կուսակցութեան երեսփոխաններէն Էմինէ Այնա ըսաւ. «Որքան ալ ասիկա ընտանիքի մը ներքին վէճի արդիւնքը ըլլայ, վերջին հաշիւով, արդիւնքն է պետական այն քաղաքականութեան, որով քիւրտը քիւրտին կոտորել կը տրուի», յայտնեց Այնա։