ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Կիրակի, 3 Մայիսի երեկոյեան ժամը 5ին, Կլէնտէյլի «Katsuya» ճաշարանը տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 34րդ մարզախաղերու յաղթանակի պարահանդէսի մեկնարկը (Kick-Off)՝ մասնակցութեամբ մեծ թիւով ՀՄԸՄականներու եւ համակիրներու, որոնց կարգին էին Արեւմտեան թեմի առաջնորդի ներկայացուցիչ Վազգէն քհնյ. Աթմաճեան, ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 33րդ մարզախաղերու պատուոյ նախագահ տէր եւ տիկ. Վահագն եւ Պայծառ Թովմասեաններ, ՀՕՄի Շրջ. վարչութեան ատենապետուհի Ռիմա Պօղոսեան, փոխատենապետուհի Սօսի Փօլատեան, «Համազգային»ի Շրջ. վարչութեան անդամ Անիթա Հաւաթեան, Նաւասարդեանի անցեալի պատուոյ նախագահներ եւ «Տիպար ՀՄԸՄական»ներ, հովանաւորներ, նուիրատուներ, ՀՄԸՄի Շրջանային յանձնախումբերու եւ մասնաճիւղերու վարչութեանց ներկայացուցիչներ ու համակիրներ:
Ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբի անունով, ներկաները ողջունեց Սիւզի Կաճեան, որ առաջին հերթին ընդգծելով ՀՄԸՄի կարեւորութիւնը՝ ըսաւ. «ՀՄԸՄը տասնամեակներէ ի վեր մեր ազգային կեանքէն ներս նշանակալից ու տիրական ներկայութիւն է թէ՛ Սփիւռքի եւ թէ՛ հայրենիքի մէջ: Իւրաքանչիւր հայ երիտասարդ, պատանի թէ անհատ, հայ հոգիով եւ շունչով կը կերտուի ՀՄԸՄի ազգայնաշունչ շարքերէն ներս:
«ՀՄԸՄը հաւատալով հաստատուած եւ գործած է ամէնուրեք եւ միշտ պիտի գործէ «Բարձրացիր, բարձրացուր» իր նշանաբանով՝ հայկական գաղութներէն եւ հայրենիքէն ներս»: Ապա շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն իրենց ջերմ գործակցութեան համար, ան կոչ ըրաւ անոնց ՀՄԸՄով առաջնորդուելու՝ յանձնառու պահակները մնալով անոր վեհ նպատակներուն:
Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի օրհնութիւնները փոխանցեց եւ սեղանները օրհնեց Կլէնտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւներէն Վազգէն քհնյ. Աթմաճեան, որ ՀՄԸՄականի վստահութեամբ հաստատեց, թէ՝ «Ամէն անգամ, որ ՀՄԸՄի շրջանակէն ներս կը գտնուիմ, ինքզինքս շատ հանգիստ եւ ուրախ կը զգամ, որովհետեւ շուրջս կը տեսնեմ այնպիսի ծանօթ դէմքեր, որոնց հետ մեծցած ենք անցնող տասնամեակներուն»:
Ապա բոլոր ներկաներուն հետ «Տէրունական» աղօթքը կատարելէ առաջ, վստահեցու, որ՝ «Ամէն ժամանակէ աւելի, հիմա բոլորս աղօթքի պէտք ունինք եւ կը հաւատամ, որ ՀՄԸՄական մեր սիրելի քոյրերը եւ եղբայրները, ինչպէս միշտ, անգամ մը եւս սատար պիտի հանդիսանան, որպէսզի այս ժամանակաշրջանը ու Նաւասարդեան ձեռնարկները յաջողութեամբ պսակուին»:
Այնուհետեւ, բարի գալուստի խօսքերով ելոյթ ունեցաւ Նաւասարդեան յանձնախումբի ատենապետ Մհեր Դաւիթեան, որ գոհունակութեամբ շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք ներկաներուն, ծանօթացուց իր գլխաւորած յանձնախումբի անդամներն ու անոնց պարտականութիւնները: Այսպէս.
* Նաւասարդեան յաղթանակի պարահանդէսի եւ անոր մեկնարկի պատասխանատու՝ Սիմա Կարապետեան.
* Նաւասարդեան ձեռնարկներու բացման եւ փակման հանդիսութիւններու պատասխանատու՝ Կարինէ Աւաննէս.
* Նաւասարդեան փառատօնի պատասխանատու՝ Վահէ Օհաննէսեան.
* Մանկական օրուան, ծանուցումներու եւ հովանաւորներու պատասխանատու՝ Սալբի Ճէճէեան.
* Նաւասարդեան յանձախումբի հաշուականի պատասխանատու՝ Նորայր Սաղպազարեան.
* Մարզականի կապ՝ Սեւակ Կարապետեան.
* Նաւասարդեանի կայքէջ եւ Graphic design-ի պատասխանատու՝ Արի Պոյաճեան.
* Նաւասարդեանի գործավար՝ Անի Գահվէճեան.
Նաւասարդեանի յաղթանակի պարահանդէսը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 27 Յունիս 2009ի երեկոյեան, CBS Studios-ի մէջ: Մհեր Դաւիթեան շնորհակալութիւն յայտնեց Շրջ. վարչութեան, որ յանձնախումբին վստահած է Նաւասարդեան աշխատանքները, եւ հրաւիրեց ներկաները գնելու իրենց սեղանները:
Եղբայրը յիշեցուց նաեւ, թէ Նաւասարդեանի բացման հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 9 Մայիս 2009ի առաւօտեան ժամը 10ին, «Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս» Ազգ. վարժարանի շրջափակէն ներս: Հանդիսութիւնը պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 10ին՝ Griffith Park-էն դէպի վարժարան տեղի ունեցող քայլարշաւէն ետք, որուն պիտի յաջորդեն Նաւասարդեանի պասքէթպոլի մրցումները: Ամբողջ օրը, նոյն վարժարանի շրջափակէն ներս տեղի պիտի ունենայ Նաւասարդեան փոքր փառատօն:
Կարեւոր այս փոխանցումներէն ետք, Շրջ. վարչութեան անունով խօսք առաւ ատենապետ Սթիւ Արթինեան, որ Շրջ. վարչութեան գործակից իր քոյր-եղբայրները ներկայացնելէ ետք, կեդրոնացաւ շրջանի ՀՄԸՄի վերջին քանի մը տարիներու նուաճումներուն վրայ, որոնց կարեւորագոյններէն էին՝
– ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան նոր կեդրոնի իրկանացումը, որուն վերանորոգման աշխատանքները շուտով պիտի աւարտին.
– ՀՄԸՄի «Թքույա» բանակավայրի գնումը.
– Իրականացումը Հոլիվուտի Հայ կեդրոնին, ուր ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղը պիտի ունենայ իր գրասենեակները.
– ՀՄԸՄի Կլէնտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղի երկրորդ կեդրոնի գնումը, որ մեծ ոստում մըն է մասնաճիւղին համար.
– Փասատինայի նոր Հայ կեդրոնի գնումը, որմէ մեծապէս պիտի օգտուի ՀՄԸՄի «Ազատամարտ» մասնաճիւղը:
Ապա եղբայրը շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն իրենց նիւթական եւ բարոյական օժանդակութեանց համար եւ յատկապէս գնահատեց վարագոյրի ետին աշխատող բիւրաւոր կամաւորներն ու ծնողները, որոնք իրենց թանկագին ժամերը կը տրամադրեն ի սէր ՀՄԸՄի հոգածութեան յանձնուած սերունդներու դաստիարակութեան: Իսկ ընդգծելով Նաւասարդեան ձեռնարկներու յաջողութեան կարեւորութիւնը՝ եղբայրը ներկայացուց ձեռնարկին ներկայ՝ Նաւասարդեանի անցեալի պատուոյ նախագահները, «Տիպար ՀՄԸՄական»ներն ու Յաղթանակի պարահանդէսներու հովանաւորները, որոնք մեծապէս նպաստած են այդ յաջողութիւններուն:
Այնուհետեւ, ատենապետը բարձր գնահատելով ՀՄԸՄի տնտեսական յանձնախումբի տարած հանգանակային աշխատանքները եւ յատկապէս վերջերս կազմակերպած վիճակահանութեան նախաձեռնումը՝ Անօ Մանսուրեանի եւ Մարօ Քէշիշեանի ընկերակցութեամբ յատուկ վկայագիրներով գնահատուեցան յանձնախումբի անդամներ՝ Վահիկ Մագարեանը, Ռաֆֆի Ցնծալեանը, Օսիկ Մովսիսեանը, Անդրէ Կիւլանեանը, Վիլմա Պետրոսեանը եւ Ժիւլիէթ Մելիք Ղասեմեանը:
Պաշտօնական յայտագրի վերջին բաժինով, Սթիւ Արթինեան բեմ հրաւիրեց եւ ներկաներուն ծանօթացուց «Տիպար ՀՄԸՄական-2009» տիտղոսին արժանացող Զաքար Չորպաճեանը, որ 1945էն ի վեր գործօն մասնակցութիւն բերած է ՀՄԸՄի կեանքէն ներս՝ ստանձնելով զանազան պատասխանատու պաշտօններ:
Եղբայր Չորպաճեան շնորհակալութիւն յայտնեց Շրջանային վարչութեան, որ իրեն շնորհած է այս տարուան «Տիպար ՀՄԸՄական»ի տիտղոսը: Անոր հաստատումով, իրեն համար 2009ը բախտաւոր տարի մըն է, որուն ընթացքին նշուած է իր 80րդ տարեդարձը եւ ամուսնութեան 50ամեակը, իսկ այսօր, «Տիպար ՀՄԸՄական»ի տիտղոսին արժանանալով՝ ան յայտարարեց, թէ իր կեանքի ամենաերջանիկ օրը կ՛ապրի:
Պաշտօնական յայտագրի աւարտէն ետք, ներկաները ընկերային հաճելի ժամ մը ունենալէ բացի, արձագանգեցին Յաղթանակի պարահանդէսի յանձնախումբի կոչերուն եւ ապահովեցին իրենց սեղանները:
Ձեռնարկը վերջ գտաւ ժամը 8:30ին: Մասնակիցները գոհունակութեամբ մեկնեցան սրահէն՝ Նաւասարդեան ձեռնարկներուն դարձեալ հանդիպելու եւ ՀՄԸՄը քաջալերելու պատրաստակամութեամբ: