Ապրիլեան Եղեռնի 94րդ տարուան յուշատօնին առթիւ, վարժարանիս աշակերտութիւնը իւրայատուկ ազգային ջերմ մթնոլորտ մը ցուցաբերեց: Հայկական բաժանմունքը Ապրիլ 24ի նախորդող օրերուն ժրաջան աշխատեցաւ՝ կազմակերպելու «Հայոց պատմութեան ու Հայ Դատի Օր» մը, որուն համար աշակերտները պէտք է ուսումնասիրէին հայոց պատմութեան կապուած երեւոյթ մը ու զայն ներկայացնէին մասնաւոր ցուցատախտակներու վրայ։ Նիւթերը այլազան էին՝ դէպքեր, դաշնագիրներ, դէմքեր, յուշակոթողներ, ընտանեկան ծառի պրպտում, եւ այլն:
Երկրորդականի ուսանողութիւնը իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայ Դատի աշխատանքներէն Ապրիլ 24ի միջազգային ճանաչման նիւթերով։ Անոնք խորապէս ուսումնասիրեցին Հայ Դատի յանձնախումբին աշխատանքները եւ ընտրելով նիւթեր, տեսակէտներ կամ իրագործումներ՝ ներկայացուցին զանոնք պաստառներու վրայ:
Այլազան նիւթերէն ծաղկաքաղ մը կատարելու համար յիշենք մի քանին։ Ուշագրաւ էին ֆետայիներու կենսագրականներն ու պանծալի գործունէութիւնները ցուցադրող աշխատանքները։ Հիանալի էր Հայաստանի նշանաւոր պտուղներու ցուցատախտակը, որ իւրաքանչիւր պտուղէն հատ մը կ՛ընդգրկէր։ Լիզպոնի 5 մարտիկներու ու Պանք Օթոմանի գրաւման բաղդատականն ու քննարկումը ներկայացնող աշխատանքը քաղաքական հարցերու լուրջ քննարկման ու դատելու կարողութիւն կը յուշէր։
Միջնակարգի ու նախակրթարանի աշակերտութիւնը գծագրութիւններով, ձեռային աշխատանքներով եւ դէմքերու ու դէպքերու ամփոփումներով իրենց աշխատանքները ցուցադրեցին՝ մեծ գոհունակութիւն պատճառելով ծնողներուն: Աշխատանքներու նկարներէն բազմաթիւ նմոյշներ կարելի է տեսնել «Ֆերահեան»ի կայքէջին վրայ՝ www.ferrahian.info, «photo gallery» անուան տակ։
Աննախընթաց այս գործունէութիւնը մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց աշակերտութեան մօտ ու առիթ ընծայեց, որ անոնք իրենց ամէնօրեայ դասերու կողքին, ընտրեն եւ ուսումնասիրեն նախասիրած պատմական դէմք մը կամ դէպք մը, որ զիրենք ներշնչած է տարիներու ընթացքին։ Այս ծիրէն ներս 6րդ ու 7րդ կարգերու համակարգչային աշխատանքներուն ընթացքին պատրաստուեցաւ Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած համակարգչային սահիկներու ցուցաշարք մը (Power Point Presentation), որ նոյնպէս կարելի է տեսնել վարժարանիս կայքէջին վրայ։
ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ԶՐՈՅՑ-ԲԱՆԱՎԷՃ
Իսկ Եղեռնի յուշատօնը տարբեր բնոյթ ստացաւ այս տարի։ Ուսանողութիւնը, տիկին Թալին Գէորգի կազմակերպութեամբ կոկիկ յայտագիր մը ներկայացնելէ ետք, դպրոցի Հայ Դատի ակումբի անդամները վարեցին աննախընթաց զրոյց-բանավէճ մը։
Զրուցավար Սարին Առաքելեանը առիթ ընծայեց, որ կլոր սեղանի շուրջ հաւաքուած զրոյցին մասնակցող աշակերտները, արծարծեն հայ ժողովուրդը յուզող կարեւորագոյն հարցերէն մէկը՝ Ցեղասպանութեան ճանաչումը թուրքիոյ կողմէ։ Բանավիճող աշակերտները անդրադարձան նաեւ Ամերիկայի նախագահի կեցուածքին՝ վերլուծելով անոր դրդապատճառները։ Տպաւորիչ էր 17-18 տարեկան պատանիներուն քաղաքական հարցերու լուրջ մօտեցումն ու հետաքրքրութիւնը։
Զրոյցին երկրորդ կարեւոր կէտը կը հանդիսանար Հայաստանի ու Թուրքիոյ սահմաններու վերաբացման ու երկու պետութիւններուն միջեւ գործակցութեան հարցը։ Թեր եւ դէմ կարծիքներու ընթացքին ի յայտ եկան Հայաստանի անվտանգութեան ու համայն հայութեան ազգային իրաւունքներու հարցերը:
Քննարկումէն ետք, վարժարանիս տնօրէն՝ Ժան Գոսաքեան, իր պատգամով կոչ ըրաւ լաւատես ըլլալու ու չմոռնալու, որ հայ ժողովուրդը իր անսպառ պահանջատիրութեամբ որքան ճամբայ կտրած է դէպի իր սրբազան առաքելութեան նուաճումը, իսկ յաջորդ սերունդը՝ յանձինս մեր ուսանողութեան, աննահանջ պիտի շարունակէ պայքարը։ Պիտի յաղթահարէ թուրք զեղծարարութիւններուն եւ տէր պիտի կանգնի իր պատմական իրաւունքներուն: