ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Դարձեալ Ապրիլ 24. աշխարհի բոլոր հայ գաղութները, հոն ուր բուռ մը հայութիւն կայ, Ապրիլ 24ի ոգեկոչման հանդիսութիւն կայ. բայց սա միայն ոգեկոչումի օր չէ այլեւս, այլ պահանջատիրութեա՛ն օր, արար աշխարհին կրկին ու կրկին անգամ յիշեցնելու օր, թէ հայ ժողովուրդը արդար դատ մը ունի, եւ ունի պահանջ մը, որ տակաւին կը մնայ անլոյծ:
Սան Ֆրանսիսքոյի հայ գաղութն ալ իր կարգին անմասն չմնաց. Արդարեւ, Կիրակի, 19 Ապրիլին, Ծովածոցի հայ յարանուանութիւնները, իրենց հոգեւոր հովիւներով եւ շրջանի կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներով ու երիտասարդներով՝ շուրջ 200 հոգի, համախմբուեցան Մաունթ Տէյվիտսընի խաչին շուրջ, որ շրջանի Ապրիլեան Եղեռնի յուշարձանն է, անգամ մը եւս վերանորոգելու իրենց պահանջատիրութիւնը եւ հաւատարմութեան ուխտը՝ ոգեկոչելով 1915ի Ցեղասպանութեան զոհ գացած նահատակներու յիշատակը:
Հանդիսութիւնը սկսաւ ՀՄԸՄի սկաուտներու ու արենոյշներու դրօշակի արարողութեամբ, ապա տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն շրջանի հոգեւոր հայրերուն ու դպրաց դասին կատարմամբ, որուն հետեւեցաւ ծաղիկներու զետեղումը յուշարձանին վրայ՝ շրջանի երիտասարդներուն, ԳԶՎի աշակերտութեան ու ներկայ ժողովուրդին մասնակցութեամբ, տուտուկի մեղեդիներու երաժշտութեամբ, կատարողութեամբ յայտնի տուտուկահար Շէա Քոմֆըրթի:
Օրուան բանախօսն էր Սան Ֆրանսիսքոյի շրջանային պետական գրասենեակներու պատասխանատու Շան Էլսպըրնտ, որ Սան Ֆրանսիսքոյի պետական կառոյցներու անունով դատապարտեց կատարուած Ցեղասպանութիւնը եւ զօրակցութիւն յայտնեց Հայ Դատին:
Նախաձեռնութեամբ Սան Ֆրանսիսքոյի ու շրջակայքի Ապրիլ 24ի համագաղութային յանձնախումբին, ոգեկոչման քաղաքական հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, Ապրիլ 24ին, երեկոյան ժամը 7ին, «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ. երեկոյթին ներկայ էին շրջանի հոգեւոր հովիւներ Աւետիս քհնյ. Թորոսեան, Սարգիս Ա. քհնյ. Փեթոյեան, վեր. Ներսէս Պալապանեան, ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Զարեհ Սամուրգաշեան, շրջանիս մէջ գործող կազմակերպութիւններու ու միութիւններու ներկայացուցիչներ, պատուոյ հիւրեր՝ Սեբաստիոյ հայութեան անկեղծ բարեկամ, ամերիկուհի միսիոնար Մէյրի Կրէֆըմի հարազատները, ու շուրջ 400է աւելի հայ հասարակութիւն, որ եկած էր յարգելու յիշատակը բիւրաւոր անմեղ հայ նահատակներուն:
Ոգեկոչման երեկոն սկսաւ ՀՄԸՄի արի-արենոյշներու դրօշակի արարողութեամբ ու ամերիկեան ու հայկական քայլերքներու երաժշտութեամբ: Ողջոյնի խօսքերով հանդիսութեան բացումը կատարեց եւ յայտագիրը վարեց Կրէյս Անտոնեան: Նախքան իր բացման խօսքը, ան խնդրեց ներկաներէն մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգել յիշատակը Եղեռնի զոհերուն, ապա, իր խօսքին մէջ, մասնաւորաբար անդրադարձաւ աշխարհի չորս ծագերուն տեղի ունեցող ոգեկոչական ձեռնարկներուն, որոնց գլխաւոր նպատակն է խուլ դարձած քաղաքական աշխարհին իմաց տալ, թէ Եղեռնի մոխիրներէն վերակենդանացած հայը վճռակամ տէրը կը մնայ իր ազգային իրաւունքներուն: Ան նաեւ անդրադառնալով տակաւ շարունակուող աղէտներուն՝ ըսաւ. «Դժբախտաբար, Հայկական Ցեղասպանութիւնը չմնաց 20րդ դարու միակ աղէտը. Հիթլէր, 1915ի աղէտը գործադրողներուն անպատիժ մնալէն քաջալերուելով՝ ձեռնարկեց հրէական ողջակիզման, որուն յաջորդեցին Պոսնիոյ, Ռուանտայի ու Տարֆուրի մէջ իրագործուած ջարդերը, որոնք մինչեւ օրս կը շարունակուին քաղաքակիրթ աշխարհի աչքին առաջ»:
Յայտագիրը սկսաւ Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական ազգային վարժարանի «Ճպուռ» երգչախումբով. աշակերտները երգեցին 3 երգեր՝ «Տէր Ողորմիա», «Հայերէն Կ՛երգենք» եւ «Բարձրիկ Հայաստան», ղեկավարութեամբ Սուզանա Չոպարեանի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ Սիմա Քէսէքէրի:
Կազմակերպիչ յանձնախումբին կողմէ ելոյթ ունենալով, Տէյվիտ Օճաքեան ներկայացուց ամերիկուհի միսիոնար Մէյրի Կրէֆըմի կենսագրութիւնը ու հայանպաստ օգնութիւնները ջարդի օրերուն: Կրէֆըմ ծնած է 1871ին, Մէյն նահանգին մէջ. ուսումը աւարտելէ ետք, 1901ին իբրեւ միսիոնար կը մեկնի Սեբաստիա ու տարի մը չանցած, կը դառնայ Սեբաստիոյ աղջկանց դպրոցի տնօրէնուհի. այս հերոսական ամերիկուհին, Սեբաստիոյ հայութեան ամէնէն ողբերգական օրերուն ցոյց տուած է իր բոլորանուէր ծառայութիւնը. ան յաճախ այցելած է Սեբաստիոյ հայ բանտարկեալներուն, որոնց թիւը 1000ի կը հասնէր այդ օրերուն, եւ աշխատած է կապ հանդիսանալու բանտարկեալներուն եւ անոնց ընտանիքներուն միջեւ: Աչքի առնելով ամէն վտանգ, գաղտնի ապաստան կու տար ան նաեւ 8-12 տարեկան հայ աղջնակներու, որոնք թրքական «հարեմ»ի զարհուրանքէն փախած՝ իր մօտ կ՛ապաստանէին: 1921ի Օգոստոսին, վիրաբուժական գործողութենէ մը ետք կը մահանայ միսիոնար Մէյրի Կրէֆըմ՝ խոր սուգի մատնելով Սեբաստիոյ հայութիւնն ու որբերը: 1919ին Կ. Պոլսոյ պատրիարքը օրհնութեան կոնդակով պատուած էր զինք:
Ոգեկոչման հանդիսութեան գլխաւոր բանախօսն էր «Armenian Weekly»ի խմբագիր, «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրական կազմի նախկին անդամներէն Խաչիկ Մուրատեան, որ զգացուած «Ճպուռ» երգչախումբի երգերէն՝ իր խօսքը սկսաւ ըսելով. «Քանի մը վայրկեան առաջ, նստելով բեմին դիմաց, երբ աշակերտները կ՛երգէին, ես նկատեցի, որ պահեր կային, երբ աշակերտներուն աչքերը հանդիպեցան անոնց, որոնց մենք կ՛ոգեկոչենք այսօր. եւ ես կը հաւատամ, որ այդ աչքերուն հանդիպումը մեծագոյն գնահատանքն է, որ մենք կրնանք նուիրել այն անձերուն, որոնք օգնեցին մեզի, անհատներ, որոնք հոս են այսօր յարգելու յիշատակը Ցեղասպանութեան: Այդ աչքերու հանդիպման պահը կը յիշեցնէ մեզի, թէ այս դպրոցները շարունակութիւնն են այն դպրոցներուն, որոնք, միսիոնարներու վկայութեամբ, քանդուած են հոն»: Ապա ան, անդրադառնալով Թուրքիոյ «ֆութպոլային քաղաքականութեան»՝ շարունակեց. «Թրքական քաղաքական մտածողութեան մէջ կան երեք տեսակի հայեր. առաջինը՝ «լաւ հայերը»ը, որոնք կ՛ապրին Թուրքիոյ մէջ. անոնք լաւ հայեր են այնքան ատեն, որ չեն խօսիր, եւ անոնց լաւագոյն օրինակն էր Հրանդ Տինքը, որ խօսելուն համար կեանքը տուաւ. մասնաւորաբար լաւ հայեր են Պոլսոյ հայութիւնը, որ չի խօսիր, որովհետեւ չի կրնար խօսիլ, հասկնալի պատճառներով: Հայերու երկրորդ խումբը կը կոչուի «աղքատ հայեր». ասոնք այն հայերն են, որոնք կ՛ապրին Հայաստան եւ վատ տնտեսական կացութեան մէջ կը գտնուին. այս հայերը բացայայտօրէն բարի գալուստ կը մաղթեն Թուրքիոյ՝ մոռնալով անցեալը եւ մտնելով նոր փուլի մը մէջ, կանոնաւորելու համար յարաբերութիւնները: Եւ կայ երրորդ խումբը՝ «վատ հայեր»ը. ձեզմէ շատերը անոնց անդամներէն են. վատ հայերը, շարունակաբար կը կրկնեն անցեալի վկայութիւնները, ատել թուրքերը, եւ խնդիրներ յարուցանել: Թուրքիոյ կառավարութեան նպատակն է բաժնել հայութիւնը եւ վերջին շրջանին ֆութպոլի քաղաքականութիւնը ըրաւ ճիշդ այդ մէկը, եւ տակաւին չենք գիտեր, թէ այդ ճեղքը Հայաստանի ու արտասահմանի հայութեան միջեւ ի՛նչ տարողութիւն պիտի ստանայ»:
Ապա, հանդիսավար Կրէյս Անտոնեան ընթերցեց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող եւ Հայ Դատի աշխատանքներուն նեցուկ կանգնող երկու հռչակագիրներ, որոնք յղուած էին Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ Նէնսի Փելոսիի ու Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Առնոլտ Շուարցնեկրի կողմէ:
Յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ «Արաքս» պալէի խումբը՝ գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Նոյէմի Արաքսի:
Երեկոյթը փակուեցաւ Սարգիս Ա. քհնյ. Փեթոյեանի «Պահպանի»չով: