ՊՈԼԻՍ.- Թուրքիոյ մօտ Բրիտանիոյ դեսպանը, անդրադառնալով Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման դիւանագիտական գործընթացին՝ յայտնեց. «Կը կարծեմ, թէ ամբողջովին ողջունելի պէտք է ըլլայ, որ Թուրքիա այս յանդուգն քայլերուն դիմած է»։
Թրքական «Թուտէյզ Զաման»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին դեսպան Նիք Պերտ անցեալ Սեպտեմբերին Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի Հայաստան այցելութիւնը նկատեց «շատ խիզախ» քայլ։
Պերտ ընդունեց, որ Կովկասի մէջ հարցերը բարդ են, սակայն դրացի երկիրներուն միջեւ յարաբերութեանց բարելաւումը դիւրացնելու համար, առաջարկած է իր կառավարութեան օժանդակութիւնը։ «Մենք մեծապէս նախանձախնդիր ենք Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման օժանդակելու, եւ մեծապէս կը զօրակցինք Մինսկի գործընթացին»։
Յայտնենք, որ Բրիտանիա առաջարկած էր Հայկական Ցեղասպանութեան շուրջ վէճի լուծման համար բանալ բրիտանական արխիւները: Պերտ ըսաւ, թէ Ցեղասպանութեան հարցը հետաքննելու համար պատմագէտներու միացեալ յանձնախումբ մը յառաջացնելու Թուրքիոյ առաջարկը «լաւ առաջարկ մըն է եւ ամբողջովին կը զօրակցինք անոր»։ Բայց եւ այնպէս, ան բացայայտեց, որ Բրիտանիա երբեք չէ խնդրած այդպիսի յանձնախումբի մը մասնակցիլ կամ պատմաբան մը տրամադրել։ «Եթէ մեզմէ այդ մէկը խնդրուի, սիրով կը քննարկենք հարցը», ըսաւ ան։