ԹԻՖԼԻՍ, «Ինթըրֆաքս».- Հինգշաբթի, Մայիս 14ին, Թիֆլիս այցելող ամերիկեան ոչ կառավարական Արտաքին յարաբերութիւններու խորհուրդի ներկայացուցիչները հանդիպումներ ունեցան Վրաստանի նախագահ Միխայէլ Սահակաշվիլիի եւ վերջինիս հրաժարականը պահանջող ընդդիմութեան ղեկավարներուն հետ՝ փորձելով տագնապին լուծում մը գտնել:
Յայտնենք, թէ Սահակաշվիլիի եւ ընդդիմութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ այս շաբթուան ընթացքին տեղի ունեցած բանակցութիւնները ձախողեցան ամիսէ մը ի վեր շարունակուող քաղաքական անել կացութեան լուծում մը գտնելու իրենց փորձին մէջ։
Նախագահին հետ հանդիպում ունեցած ընդդիմադիր չորս ղեկավարներէն Սալոմէ Զուրապիշվիլի, հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ՝ «Յստակ է, որ իրականութեան նոյն գնահատականը չունինք։ Մեր տեսլականներն ու մեր ուղիները իրարու չեն հանդիպիր»։
Հանդիպումէն ետք, պատկերասփռուած ճառի մը մէջ Սահակաշվիլի ըսաւ. «Համաձայնեցանք այն իրողութեան շուրջ, թէ ասիկա յառաջընթաց մըն է, եւ երկխօսութիւնը պէտք է շարունակուի։ Որեւէ պատրանք չունիմ, թէ բոլոր հարցերուն շուրջ համաձայնութիւն պիտի գոյացնենք»։
Ան նշեց, որ առաջարկած է ընդդիմութեան հետ միասնաբար ընտրական օրէնքի եւ սահմանադրական բարեփոխումներու վրայ աշխատանք տանիլ, ինչպէս նաեւ պետական հաստատութեանց մէջ ընդդիմութեան մասնակցութիւնը աւելցնել։
Բարեփոխումներ կատարելու կառավարութեան առաջարկը փորձութեան կը մատնէ տասնեակ մը կուսակցութիւններէ բաղկացած ընդդիմութեան միասնականութիւնը։ Շատեր կ՛ըսեն, թէ առաջարկը շատ ուշ ներկայացուած է եւ նախապէս չյարգուած խոստումներ կը նշեն։ Անոնք կը յայտնեն, որ միայն Սահակաշվիլիի իշխանութենէն հեռացումը պիտի քննեն։ Ուրիշներ, ինչպէս ՄԱԿի մօտ Վրաստանի նախկին դեսպան Իրաքլի Ալասանիա, համբերատար ըլլալու կոչ կ՛ընեն: