ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի կառավարութիւնը իր Հինգշաբթի օրուան հերթական նիստին ընթացքին, հաստատեց քաղաքացիական ծառայութեան խորհուրդին կողմէ ներկայացուած օրէնքներու նախագիծերու փաթեթ մը, որուն շնորհիւ, ըստ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի, Հայաստանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով պիտի կիրարկուի «շահերի բացայայտման ինստիտուտ: Դա ենթադրում է, որ այս օրէնքը ստեղծում է ռէալ մեխանիզմներ (իրական կարգեր-Խմբ.), որպէսզի պաշտօնատար անձինք՝ պատգամաւորները, նախարարները, չզբաղուեն բիզնէսով, բացայայտեն իրենց շահերը, խնդիրները լուծեն իրենց հետ փոխկապակցուած անձանց հետ, որպէսզի հանրութիւնը, հասարակութիւնը հնարաւորութիւն ունենան վերահսկելու, որ սահմանադրական այդ նորմը այսուհետեւ Հայաստանի հանրապետութիւնում լիակատար իրացւում է: Այս օրէնքը ունի նաեւ հակակոռուպցիոն բովանդակութիւն եւ մենք ունենք նաեւ այս մեխանիզմները ներդնելու պարտաւորութիւն, ինչը եւ կատարում ենք այս նախագիծը հաստատելով: Ի հարկէ, ապագայում անհրաժեշտութիւն կը լինի հանրային քննարկումներ կազմակերպել այս օրէնքին շուրջ, որպէսզի հասարակութիւնը իրազեկուած լինի, թէ ի՛նչ մեխանիզմներ ենք մենք կիրառելու: Համաշխարհային բանկի կարծիքով, նպատակայարմար է, որ էթիկայի յանձնաժողովները մէկ միասնական օղակով իրարու հետ կապուած լինեն: Այս հարցն է, որ մեր գործընկերների հետ ԱԺում կը քննարկենք եւ վերջնական լուծում կը տանք: Սակայն շահերի բացայայտման ինստիտուտը այս օրէնքով մենք ներդնում ենք», յայտնած է վարչապետ Սարգսեան:
Այնուհետեւ, կառավարութիւնը ձեռնամուխ եղած է հարկային եւ մաքսային բնագաւառներուն առնչուող որոշումներու քննարկման, որուն լոյսին տակ հաստատած է օրէնսդրութեամբ նախատեսուած փաստաթուղթերը, հարկային մարմինը ելեկտրոնային եղանակով ներկայացնելու կարգն ու պայմանները, մաքսային հսկողութեան տարածքի կազմակերպման գործունէութեան արտօնագրման կարգը, եւ այլն:
Յաջորդ օրակարգին անցնելով՝ կառավարութիւնը գիւղատնտեսութեան նախարարութեան առաջարկով ընդունած է ոլորտը կարգաւորող շարք մը որոշումներ:
Մէկ այլ օրակարգի տակ, կառավարութիւնը հաստատած է «Սփիւռքի երիտասարդութեան՝ դէպի Հայաստան պարբերական այցելութիւնների կազմակերպման եւ անցկացման «Դէպի տուն» խորագրով 2009ի ծրագիրը»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.