ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Կլէնտէյլի Հայ կեդրոնի յարաբերական յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ վաղը՝ Մայիս 20ին, տեղի ունենալիք «Հայկական Ցեղասպանութիւնը սակարկութեան առարկայ չէ» խորագրեալ ժողովրդային հաւաքին, ելոյթ պիտի ունենան յայտնի հասարակական գործիչներ Յովան Թաշճեան, Փրոֆ. Լեւոն Մարաշլեան, դոկտ. Արմէն Աբուլեան, Արմէն Զատիկեան, Արմէն Նազարեան եւ գրող Պօղոս Գուբելեան:
Ձեռնարկի մանրամասնութեան համար, տե՛ս էջ 11ի վրայ զետեղուած ծանուցումը: