Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի Ազգ. երեսփոխանական ժողովը անցեալ շաբաթավերջին՝ Ուրբաթ 15 եւ Շաբաթ 16 Մայիսին, գումարեց իր 37րդ ընթացիկ նստաշրջանը ու յաջողութեամբ եզրափակեց իր աշխատանքները։
Ժողովը տեղի ունեցաւ Ազգ. առաջնորդարանի յարկին տակ, «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ, նախագահութեամբ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, մասնակցութեամբ Հոգեւորականաց դասու անդամներու, Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչներու, Երեսփոխանական ժողովի անդամներու մեծամասնութեան, թեմիս ժողովականութեան անդամներու, ծխական շրջաններու հոգաբարձութեանց ատենապետներու, Ազգ. վարժարաններու Խնամակալ մարմինի ներկայացուցիչներու եւ վարժարաններու տնօրէններու ու վարիչներու։
Ժողովին հիւրընկալն էր Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը։
Չորս նիստերու վրայ տարածուած ժողովը քննեց առաջնորդին, Կրօնական ժողովին ու Ազգային վարչութեան միամեայ գործունէութիւնը, որուն մասին «յոյժ գովելի» գնահատականը արձանագրեց։ Քննարկուեցան մեր եկեղեցին ու կրթական կեանքը յուզող հարցեր, յատուկ կարեւորութեամբ վեր առնուեցաւ նոր սերունդի ու երիտասարդութեան հոգեմտաւոր հոգածութեան հարցը, մանաւանդ, որ Արամ Ա. կաթողիկոս 2009 տարին հռչակած է Երիտասարդութեան տարի։ Երեսփոխանական ժողովի անդամներն ու ժողովականները իրենց առաջարկներով ու թելադրանքներով կազմեցին յառաջիկայ տարուան աշխատանքին ուրուագիծը։
Մանրամասնութիւնները՝ հետագային։