ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Չէչէնիոյ մայրաքաղաք Կրոզնիի մէջ, ներքին գործոց նախարարութեան կեդրոնատեղիին մօտ, զինեալներ անցնող շաբաթավերջին իրենց վրայ գտնուող ռումբերը պայթեցնելով՝ սպաննած են երկու ոստիկաններ եւ վիրաւորած շարք մը ուրիշներ։
Մէկ ամիս առաջ, Ռուսիա պաշտօնապէս վերջ տուած էր տասնամեակէ մը աւելի երկարած Չէչէնիոյ մէջ իր «հակաահաբեկչական գործողութեան»։
Նախարարութեան մամլոյ սպասարկութենէն աղբիւր մը յայտնեց, որ անձնասպանութեան դիմած անձերէն մէկը ներքին գործոց նախարարութեան մուտքին մօտեցած է եւ՝ «ոստիկաններէն մէկուն փաթթուելէ ետք ինքզինք պայթեցուցած է»։
Ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը յայտնեց, որ շարք մը ոստիկաններ վիրաւորուած են։ Չէչէնիոյ ներքին գործոց նախարար Ռուսլան Ալխանով խոստացաւ «ահաբեկիչին եւ անոր կապերուն ինքնութիւնը բացայայտել»։ Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, թէ արդէն իսկ չորս կասկածելիներ սպաննուած են ոստիկանութեան հետապնդումներուն ընթացքին:
Վերլուծաբաններ կը զգուշացնեն, որ հակառակ հակաահաբեկչական գործողութեանց աւարտին, Չէչէնիա պիտի շարունակէ իսլամական զինեալներու հետ առնչուած հարցեր դիմագրաւել։