ՔՈԼՈՄՊՕ, «Ռոյթըրզ».- Երկուշաբթի, Մայիս 18ին, Սրի Լանքայի կառավարութիւնը յայտարարեց, թէ սպաննուած են «Թամիլ վագրեր»ու ղեկավարն ու անոր երկու գլխաւոր տեղակալները, վերջ մը դնելով գրեթէ երեք տասնեակներէ ի վեր երկրին հիւսիսային շրջաններու անկայուն վիճակին: Թամիլներու համար անկախ պետութիւն հիմնելու համար սկսած այս կազմակերպութեան պայքարը աւելի քան 70,000 զոհ խլած է 1980ական թուականներու սկիզբէն ի վեր:
ՄԱԿը մտահոգ է վերջին քանի մը ամիսներուն, բանակին ու ապստամբներուն միջեւ տեղի ունեցած ծանր բախումներուն հետեւանքով տեղահան եղած հարիւր հազարաւոր գաղթականներուն վիճակով, որովհետեւ Սրի Լանքայի իշխանութիւնները ցարդ արտօնութիւն չեն տար, որ մարդասիրական կազմակերպութիւններ այդ շրջաններէն ներս մուտք գործեն: