ԹԵՀՐԱՆ.- Ինչպէս յայտնի է, 2009 թուականը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի կողմէ յայտարարուեցաւ իբրեւ Երիտասարդութեան տարի:
Արդարեւ, Իրանահայ թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան, խորհրդակցութեամբ Կրօնական եւ Թեմական խորհուրդներու հետ, նշանակեց Երիտասարդութեան տարուան յատուկ յանձնախումբ, որ այս տարուան ընթացքին պիտի իմաստաւորէ իւրայատուկ ձեռնարկներ՝ նուիրուած երիտասարդութեան:
Երիտասարդութեան տարուան նուիրուած առաջին ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, Ապրիլ 16ին, Հայ համալսարանականներու ընդհանուր միութեան սրահէն ներս, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ առաջնորդ սրբազան հօր եւ աւելի քան յիսուն երիտասարդ-երիտասարդուհիներու՝ «Երիտասարդ, ե՛կ խօսենք» խորագիրով:
Բացման խօսքին մէջ Արազ Խուդաբախշեան անդրադարձաւ յանձնախումբի նպատակ-ծրագիրներուն եւ մեծապէս կարեւոր համարեց երիտասարդութեան գործօն դերակատարութիւնը մեր ազգային-եկեղեցական առօրեային մէջ:
Սրբազան հայրը անդրադառնալով Արամ Ա. վեհափառի կողմէ 2009ն Երիտասարդութեան տարի անուանման՝ շեշտեց համայնքի երիտասարդութեան կարեւոր դերը՝ կրօնական, ազգային եւ հասարակական կեանքէն ներս: Ապա երիտասարդները ազատօրէն արծարծեցին զիրենք հետաքրքրող հարցերը եւ ներկայացուցին իրենց առաջարկները՝ կրօնական, ազգային եւ հասարակական կեանքին վերաբերող թեմաներու շուրջ: Ներկայացուած հարցերուն լուսաբանիչ պատասխաններով հանդէս եկաւ առաջնորդ սրբազանը:
Հանդիպումը աւարտեցաւ սրբազան հօր «Պահպանի»չով, որուն յաջորդեց հիւրասիրութիւն: