ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ, »Էյ.Փի.«.- Արդէն իսկ ոչ նախանձելի վիճակի մէջ գտնուող Քալիֆորնիոյ գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութիւնները Չորեքշաբթի, Մայիս 20ի առաւօտը դիմաւորեցին այն գիտակցութեամբ, որ պէտք է անմիջական նոր միջոցառումներ որդեգրեն՝ լուծելու համար նահանգի ամավարկին տագնապը:
Արդարեւ, ինչպէս կ՛ակնկալուէր, քալիֆորնիացիները Երեքշաբթի օր կայացած ընտրութիւններով մերժեցին ամավարկի տագնապը առնուազն մասնակիօրէն լուծելու նպատակով ներկայացուցած վեց առաջադրութիւններէն հինգը՝ ընդունելով միայն վեցերորդը (1F), որ կ՛արգիլէ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի եւ Ծերակոյտի անդամներուն ամսականներու յաւելումները, եթէ նահանգին ամավարկը բացի մէջ է, եւ որ սակայն անմիջական լուծում մը չի ստեղծեր տնտեսական տագնապին:
Նահանգապետ Առնոլտ Շուարցնեկըր, որ օրէնսդիր իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն կողքին, քարոզչական կարեւոր աշխատանք տարած էր ապահովելու համար առաջարկութեանց վաւերացումը, Չորեքշաբթի օր յայտարարեց, թէ կ՛ընդունի ժողովուրդին կամքը՝ գիտակցելով, որ ժողովուրդը հիասթափուած էր իր ղեկավարութեան քաղաքական քայլերէն:
1C, 1D եւ 1E առաջարկութեանց վաւերացումը կրնար վեց միլիառ տոլարի եկամուտ ապահովել նահանգին, որ այժմ կը դիմագրաւէ աւելի քան 21 միլիառ տոլարի բաց մը, յատկապէս տնտեսական ճգնաժամին պատճառով նուազած տուրքերու գանձումներուն հետեւանքով:
Նահանգին նիւթական կացութիւնը այնքան մտահոգիչ է, որ իշխանութիւնները Յուլիսին իսկ կրնան շարք մը վճարումներ չկատարել: