ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ, »Լոս Անճելըս Թայմզ«.- Երեքշաբթի, Մայիս 19ին հրապարակուած երկու անջատ տեղեկագիրներ հաստատեցին, թէ չափազանցուած են Իսրայէլի կողմէ առաջ մղուող այն պնդումները, թէ Իրան հիւլէական ռումբ մը արտադրելու սեմին կը գտնուի, եւ կամ ան Միջին Արեւելքի խաղաղութեան գլխաւոր սպառնալիքն է:
Արդարեւ, Արեւելք-Արեւմուտք հիմնարկի ամերիկացի եւ ռուս մասնագէտներուն կողմէ պատրաստուած ուսումնասիրութիւն մը կ՛եզրակացնէ, թէ Իրան առնուազն վեց տարի կ՛ուզէ հիւլէական ռումբ մը եւ զայն փոխադրող հեռահաս հրթիռ մը արտադրելու նպատակին համար, միաժամանակ աւելցնելով, թէ Արեւելեան Եւրոպայի մէջ Միացեալ Նահանգներու իշխանութեանց կողմէ հաստատուող հակահրթիռային վահանը անկարող պիտի ըլլայ նման հրթիռի մը դէմ դնելու: Հիմնարկը նաեւ կը շեշտէ, թէ Ուաշինկթըն պէտք է սերտօրէն գործակցի Չինաստանի ու Ռուսիոյ հետ, լաւապէս դէմ դնելու համար Իրանի հիւլէական սպառնալիքներուն:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու օդուժին համար »Ռէնտ« հիմնարկին կողմէ կատարուած ընդարձակ ուսումնասիրութիւն մը (230 էջ) հասած է այն եզրակացութեան, թէ Իրանի ռազմական կարողութեանց մասին տուեալները եւս չափազանցուած են:
Ուսումնասիրութիւնը կ՛աւելցնէ, թէ Իրան արաբական աշխարհին մէջ հարցեր յառաջացնելէ աւելի, շեշտը կը դնէ հոն արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող դժգոհութեանց օգտագործման վրայ: Տեղեկագիրը կոչ կ՛ընէ արտաքին աշխարհին, որ անտեսէ Իրանի ղեկավարներուն հրահրիչ ու հրետորական յայտարարութիւնները, պնդելով, թէ Իրան իր գաղափարախօսութիւնը տարածել փորձելէ առաջ, կը փորձէ իսլամական հանրապետութեան երկարակեցութիւնն ու հողային անձեռնմխելիութիւնը պահպանել:
Յատկանշական է, որ այս տեղեկագիրները հրապարակուեցան այն միջոցին, երբ Իսրայէլի աջակողմեան վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Ուաշինկթըն կ՛այցելէր, համոզելու համար ամերիկեան ղեկավարութիւնը, որ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու աշխատանքներուն գծով առաջնահերթութիւնը տայ Իրանի սպառնալիքները զսպելու գործընթացին: