ՊՐԻՒՔՍԷԼ, «Ազատութիւն Ձայնասփիւռ».- ՆԱԹՕի կեդրոնատեղիին մէջ Չորեքշաբթի, Մայիս 20ին կայացած «28+1» ձեւաչափով Հիւսիսատլանտեան խորհուրդի նիստին մասնակցեցան նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան եւ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան:
Սոյն նիստին ընթացքին տեղի ունեցած է նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարներու հանդիպումը՝ ՆԱԹՕի գլխաւոր քարտուղար Եաափ տէ Հուփ Շիֆըրի հետ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակի պաշտօնակատար Տիգրան Բալայեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին փոխանցեց, թէ Հիւսիսատլանտեան խորհուրդի նիստին հիմնական նպատակը Հայաստան-ՆԱԹՕ Անհատական գործընկերութեան գործողութիւններու ծրագիրի (ԱԳԳԾ) քննարկումն ու հաստատումն էր:
«Քննարկուեց «Գործընկերութիւն յանուն խաղաղութիւն» ծրագրի շրջանակներում համագործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայաստան-ՆԱԹՕ նորացուած Անհատական գործընկերութեան գործողութիւնների ծրագրի իրականացումը եւ հեռանկարները: Քննարկուեցին նաեւ Հայաստանի անվտանգութեան բնագաւառում եւ պաշտպանական համակարգում իրականացուած բարեփոխումները ու դրանց հեռանկարները», ըսաւ Տիգրան Բալայեան:
Նիստին քննուած է նաեւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը: Մանրամասնութեամբ քննարկուած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման կարելիութիւնները:
Յիշեցնենք, թէ Հայաստան չէր մասնակցած Մայիսի սկզբը Վրաստանի մէջ կայացած ՆԱԹՕի «Համատեղ աղեղ/Համատեղ նիզակակիր 2009» զօրավարժութիւններուն:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան «Ազատութիւն» կայանին այսպէս բացատրած է Հայաստանի որոշումը. «Դրա վրայ նաեւ անդրադարձած է այն, որ ՆԱԹՕի գլխաւոր քարտուղարը վերջին ժամանակահատուածում, հանդիպելով Ատրպէյճանի հանրապետութեան նախագահ Ալիեւի հետ, իր խօսքի ընթացքում միջազգային չափանիշների, միջազգային նորմերի մէջ միայն նշել է տարածքային ամբողջականութիւնը: Այնինչ այսօրուայ գործող ամենահեղինակաւոր միջազգային կազմակերպութիւնը, որը զբաղւում է Լեռնային Ղարաբաղի հարցով, դա ԵԱՀԿն է եւ Մինսկի խումբը՝ իր գործունէութեան մէջ: Ինչպէս նաեւ շատ ու շատ պետութիւններ, որոնք զբաղւում են, նշում են միջազգային իրաւունքի բոլոր նորմերը՝ եւ՛ ժողովուրդների ինքնորոշումը, եւ՛ տարածքային ամբողջականութիւնը, ե՛ւ, ի հարկէ, ուժի չկիրառումը»:
ՆԱԹՕի Խորհրդարանական վեհաժողովին Հայաստանի պատուիրակութեան անդամ, Ազգային ժողովի Ժառանգութիւն խմբակցութեան պատգամաւոր Ստեփան Սաֆարեան «Ազատութիւն» կայանին հետ զրոյցի ընթացքին ցաւ յայտնած է այն կապակցութեամբ, որ Հայաստանը, բաւական անհամոզիչ պատճառաբանութեամբ, չմասնակցելով ՆԱԹՕի զօրավարժութիւններուն՝ երրորդ երկրի ճնշումով, վնաս հասցուցած է «իր ռազմավարական հարեւանի՝ Վրաստանի հետ իր յարաբերութիւններուն»: Իսկ այն հարցումին, թէ Հայաստանը կը նախատեսէ՞ հետագային մասնակցիլ ՆԱԹՕի զօրավարժութիւններուն՝ արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակը արձագանգեց. «Հաստատուել է, որ Հայաստան-ՆԱԹՕ համագործակցութիւնը շարունակուելու է»: