ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Մայիս 18ին Արաբկիր համայնքի ընտրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին, Երեւանի քաղաքապետի ՀՅԴ թեկնածու Արծուիկ Մինասեան խօսք առնելով ըսաւ, թէ դրամով եւ վարչական լծակներով ընտրուած իշխանութիւնը չի կրնար մտածել ժողովուրդին մասին, եւ յանցագործութեան վրայ յենածը չի կրնար ըլլալ բարեկրթութեան չափանիշ, իսկ Մայիս 31ի ընտրութիններուն, ժողովուրդը պէտք է ընտրէ այնպիսի ուժ մը, որ կը ներկայացնէ ազգային արժէքները, ոչ թէ կը շարունակէ ապրիլ անարդարութեան եւ պետական փտախտի պայմաններու մէջ:
«Մեր քաղաքացիները գրեթէ ամէն օր բախւում են անարդարութեան, օրերով գնդակի նման այս հիմնարկից այն հիմնարկը վազում սեփական իրաւունքները պաշտպանելու համար, ամէն օր նրանց նկատմամբ կիրառւում է հոգեբանական բռնութիւն, նաեւ ֆիզիքական բռնութիւն, երբ ճանապարհին վրաերթի են ենթարկում», յայտնեց Մինասեան, ըստ որուն, անոնք սակայն պատասխանատուութեան չեն ենթարկուիր, որովհետեւ այս կամ այն ղեկավարի թիկնապահներն են, այս կամ այն պաշտօնեայի բարեկամը կամ հարազատը: «Սա է այսօրուան իրավիճակը, երբ ոստիկանին մեր քաղաքացիները նայում են վախուորած, մեր ոստիկաններն էլ քաղաքացիներին նայում են իբրեւ պոտենցիալ (հաւանական-Խմբ.) յանցագործի», աւելցուց ՀՅԴ թեկնածուն՝ հաստատելով, որ այսպիսի իրավիճակ չի կրնար շարունակուիլ, եւ ներկայացնելով Դաշնակցութեան հայեցակարգը, որ ամէնէն վերը կը դասէ իշխանութեան պատասխանատուութիւնը: «Իշխանութիւնը պէտք է երաշխաւորի բնակիչների բոլոր իրաւունքները», նշեց ՀՅԴ թեկնածուն եւ յայտնեց, որ այսօր առաջնահերթութիւն է նաեւ դպրոցներու ապաքաղաքականացումը, որովհետեւ եթէ մանկավարժը ենթարկուի քաղաքական ճնշումներու, ապա ան անկարող պիտի ըլլայ առողջ սերունդ դաստիարակելու:
Միւս կողմէ, ԱԺ ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Հրայր Կարապետեան անդրադարձաւ կառավարական համախոհութենէն դուրս գալու Դաշնակցութեան որոշումին՝ նշելով. «Դաշնակցութիւնը երբեք չի խուսափել պատասխանատուութիւնից, սակայն մենք կարող ենք միայն եւ միայն այն դէպքում կիսել պատասխանատուութիւնը, եթէ մեր քաղաքականութիւնն ու մեր սկզբունքներն իսկապէս կեանքի կոչուեն»: Ան հաստատեց, որ կուսակցութիւնը միշտ պայքարած է ներկայիս իշխող պետական փտախտին ու խաբէութիւններուն դէմ, եւ՝ «առաւել եւս այն բանի համար, որ այսօր խաղում են մեր երկրի ապագայի եւ ճակատագրի հետ»: Կարապետեան նաեւ յայտնեց, որ Դաշնակցութիւնը լաւապէս կ՛ըմբռնէ ծառացած խնդիրները եւ ժողովուրդին հետ միասին պիտի ապացուցէ, որ՝ «Կարեւորը թաղի տղերքը չեն, կարեւորը հաստավիզների կամքը չի, այլ ժողովրդի կամքն է եւ նրանց կամքը պէտք է կատարուի»:
Իր կարգին, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան, խօսելով Դաշնակցութեան համամասնական ցուցակի առաւելութիւններուն մասին՝ նշեց, որ Դաշնակցութեան ցուցակը զերծ է մականունաւորներէ, իսկ ՀՅԴ հանդիպումներուն այլ համայնքներէ մարդիկ չեն բերուիր Երեւան եւ մարդիկ չեն գար պարտադրանքի տակ: Կ. Մանոյեան կոչ ըրաւ ընտրելու Արծուիկ Մինասեանը, որ «ունի ազգային գործիչի կերպար, սոցիալական արդարութեան քաջամարտիկ է ու հմուտ մասնագէտ, եւ այս կերպարը անհրաժեշտ է քաղաքապետի համար», եզրափակեց Մանոյեան: