Հինգշաբթի, Մայիս 28ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, «Արփա» հիմնարկի կազմակերպութեամբ «Մերտինեան» վարժարանի սրահին մէջ (13330 Riverside Dr. Sherman Oaks, CA 91403) տեղի պիտի ունենայ դասախօսական ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին դոկտ. Ճան Ահմարանեան պիտի ներկայացնէ «Իսլամը անցեալին եւ այսօր» նիւթը:
Դասախօսը պիտի ներկայացնէ իսլամական կրօնքին հաստատման ու արագ ընդարձակման պատմականը եւ պիտի խօսի անոր ու քրիստոնէութեան եւ Հայաստանի հետ կապերուն մասին՝ շեշտը դնելով յատկապէս Մոհամմատի վրայ քրիստոնէութեան ունեցած ազդեցութեան վրայ:
Ճան Ահմարանեան ծնած է Պէյրութ, 1945ին, ուր ստացած է իր նախնական կրթութիւնը: Ան Իտալիոյ եւ Եգիպտոսի մէջ շարունակած է իր ուսումը՝ իմաստասիրութեան մարզին մէջ դոկտորական կոչում ստանալով: 1980ին ան Եգիպտոսի նախագահ Անուար Սատաթէն մրցանակ մը ստացած է իր «Քրիստոնեայ-Իսլամ երկխօսութիւն» հատորին համար:
Ան Քալիֆորնիա հաստատուած է 1981ին, եւ հոն դասախօսած է ու յօդուածներ գրած է «Պէյրութ թայմզ» թերթին համար, ինչպէս նաեւ արաբերէն սորվեցուցած է ու Միջին Արեւելքի պատմութեան մասին դասախօսութիւններ տուած է Իրաք ղրկուած ամերիկացի զինուորականներուն: Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին դիմումին ընդառաջելով՝ ան Ս. Էջմիածինի եւ Սեւանի մէջ եւս դասընթացքներ վարած է:
2002ին ան «Սփիւռքի լաւագոյն լիբանանցի լրագրող» մրցանակին տիրացած է, իսկ 2005ին ստացած է իր երկրորդ դոկտորան՝ Հայաստանի գիտութեան ազգային ակադեմիայէն: Ան հեղինակն է բազմաթիւ հատորներու, որոնք լոյս տեսած են չորս լեզուներով:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել (818) 881-0010 թիւին կամ info@arpainstitute.org հասցէին: