ԼԱՒԱԼ.- Քանատայի շրջաններէն Լաւալի մէջ ՀՄԸՄի նոր մասնաճիւղ մը հիմնելու դիմումը կատարուեցաւ ՀՄԸՄի Քանատայի Շրջանային վարչութեան՝ 5 Մարտ, 2008ին։ Շրջանի 35րդ Ներկայացուցչական ժողովը պարտականութիւն տուաւ նորընտիր Շրջանային վարչութեան, որ յառաջացնէ յանձնախումբ մը՝ սոյն հարցը ուսումնասիրելու համար։ Նշանակուեցան յանձնախումբեր եւ երկար ուսումնասիրութիւններէ ետք, պատրաստուեցաւ նորաստեղծ մասնաճիւղին աշխատանքին ծրագիրը։
Արդարեւ, ՀՄԸՄի Քանատայի Շրջանային վարչութիւնը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, թէ նշանակած է առժամեայ վարչութիւն մը, որուն պարտականութիւնն է մինչեւ վեց ամիս կատարել անդամարշաւ եւ հրաւիրել անդամական ընդհանուր առաջին ժողով։
Նշանակեալ վարչութեան անդամներն են՝ Հրաչ Գարայեան, Վիգէն Սարգիսեան, Յակոբ Արեւեան, Լեւոն Եագուպեան եւ Սօնա Լախոյեան: