Պէյրութի Հայկազեան համալսարանին եւ Միջին Արեւելքի Հայ Դատի գրասենեակին կազմակերպութեամբ, 3-4 Սեպտեմբեր 2009ին, Հայկազեան համալսարանէն ներս տեղի պիտի ունենայ միջազգային խորհրդաժողով մը՝ «Հայկական Ցեղասպանութիւնը եւ Միջազգային Օրէնքը» խորագիրով։
Ակադեմական այս խորհրդաժողովի ընթացքին պիտի ներկայացուին նոր ուսումնասիրութիւններ Հայկական Ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ՝ այժմէական մօտեցումներ Ցեղասպանութեան ուրացման, ՄԱԿի Ցեղասպանութեան ուխտին եւ Միջազգային օրէնքին մասին։
Խորհրդաժողովը աննախընթաց է Միջին Արեւելքին մէջ։ Ան պիտի համախմբէ աշխարհի տարբեր երկիրներէ հանրածանօթ ցեղասպանագէտներ եւ Միջազգային օրէնքի մասնագէտներ։
Խորհրդաժողովին նիւթերը հետագային պիտի հրատարակուին եւ տրամադրուին ակադեմական շրջանակներու եւ ուսումնասիրական կեդրոններու։