ԱԹԷՆՔ.- «Համազգային»ի Յունաստանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ, Կիրակի, 17 Մայիսի երեկոյեան, Քալիթէայի «Արղոնաֆթէ-Քոմնինի» շքեղ սրահէն ներս, տեղի ունեցաւ միութեան տարեկան համոյթը, երգի ու պարի բոլոր միաւորներու մասնակցութեամբ: Հրապարակային հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Յունահայոց թեմակալ առաջնորդ Խորէն եպս. Տողրամաճեան եւ կրօնական դասը, Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ժողովրդապետը, ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի, Ազգային վարչութեան եւ քոյր միութիւններու Շրջանային եւ տեղական վարչութեանց ներկայացուցիչները, ՀՅԴ Երիտասարդական ու Պատանեկան միութիւններու անդամներ, քաղաքական դէմքեր, գաղութի այլ կառոյցներու ներկայացուցիչներ եւ հոծ բազմութիւն:
Բացման խօսքը կատարեց Համբիկ Յովսէփեան, ապա հանդէս եկաւ «Համազգային»ի «Մեղրի» մանկական երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ խմբավար տիկին Ռուզաննա Գրիգորեանի։ Խանդավառող իրենց ներկայութեամբ, փոքրիկներուն կատարումները արժանացան ներկաներու գնահատանքին եւ քաջալերելանքին:
Ապա բեմ բարձրացան «Յակոբ Փափազեան» երգչախումբը, որուն անդամները ներկայացուեցան զանազան երգեր, ինչպէս՝ Գուսան Հաւասի «Եարը մարդուն եարա կու տայ», «Դու ինչպէս մի աստղ», «Ազգ փառապանծ»ը, իսկ երգերուն շարքը աւարտեցաւ հայրենասիրական եւ յեղափոխական ծանօթ երգերու կատարողութեամբ, որ բարձրօրէն գնահատուեցաւ ժողովուրդին կողմէ:
Յայտագիրի երկրորդ բաժինով ելոյթ ունեցան «Համազգային»ի «Նայիրի», «Նանոր» եւ «Մարալօ» պարախումբերը, որ տարիներու իրենց տաղանդաւոր պարուսոյց Յովհաննէս Խաչիկեանի ուսուցումով, ներկայացուցին հայկական ժողովրդային պարեր:
Պարախումբերու ելոյթները ծափողջոյններու ալիք բարձրացուցին սրահէն ներս եւ խանդավառեցին ներկաները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.