ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- ԱԺ ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան, Մայիս 20ին, կառավարութեան հետ հարցուպատասխանի ընթացքին անդրադարձած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու ներկայ վիճակին:
Հակառակ այն փաստին, որ վերջերս Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողան տարբեր առիթներով կը յայտարարէր, թէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները պիտի ըլլան նախապայմաններով, Վ. Յովհաննիսեան նկատած է, որ Հայաստան կը շարունակէ վստահեցնել աշխարհին ու նաեւ մեզի, որ նախապայմաններ չկան:
«Մենք, այնուամենայնիւ, աւելի հակուած ենք կարծելու, որ թուրքական տեսակէտը ի վերջոյ յաղթելու է, որ այդ նախապայմանները կը մնան ուժի մէջ: Ժամանակը չէ՞ արդեօք նախ արագացնելու Իրան-Հայաստան երկաթուղու կառուցումը, եւ երկրորդ՝ ժամանակը չէ՞ արդեօք, որ մեր կառավարութիւնը անդրադառնայ ԼՂՀ ենթակայութեան տակ գտնուող տարածքների հայկական տարրով բնակեցմանը, որովհետեւ ակնյայտ է, որ այդ տարածքներում հայկական տարրի բացակայութիւնն է մեծացնում ադրբեջանա-թուրքական ախորժակը», հարց տուած է Վ. Յովհաննիսեան:
Պատասխանելով տրուած հարցին՝ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան ըսած է, թէ ինք կը հետեւի հայ-թրքական յարաբերութիւններու վերաբերեալ բոլոր յայտարարութիւններուն, եւ անգամ մը եւս հաւաստած է, որ, ինչպէս Հայաստանի նախագահ յայտարարեց, այս բանակցութիւններուն մէջ մեր երկրին դիրքորոշումը յստակ է, եւ որ նախապայմաններ չկան: Վարչապետը նշած է, որ եթէ նոյնիսկ որեւէ որոշում մը ըլլայ, անիկա պէտք է վաւերացուի Ազգային ժողովին կողմէ:
«Մենք պէտք է լինենք աւելի ակտիւ եւ երբեք չենք կարող մոռանալ Ցեղասպանութեան հարցը, Հայ Դատի խնդիրները: Լեռնային Ղարաբաղը միշտ մնալու է մեր տնտեսական, արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան տեսակէտից կարեւորագոյն խնդիրներից մէկը, եւ կառավարութեան ծրագրերն ուղղուած են լինելու Ղարաբաղում տնտեսական աճի աւելի բարձր արդիւնքների ապահովմանը», աւելցուցած է վարչապետը՝ յայտնելով, թէ ներկայացուած հարցը կարեւոր է, եւ թէ իրենք, ԼՂ նախագահին եւ վարչապետին հետ միասին, յաճախ կը վերանային զայն։