ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններու քարոզարշաւին վերաբերող քննարկման ընթացքին, որ կազմակերպուած էր Մամլոյ ազգային ակումբին մէջ, Ուրբաթ, Մայիս 22ին, Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Ռուզան Առաքելեան նշած է, որ Դաշնակցութեան համար չափազանց մերժելի է ընտրողներուն կաշառելու կարք մը քաղաքական ուժերու «մարտավարութիւն»ը։
«Երկրում արդէն ձեւաւորուել է մի խաւ, որ պարզապէս սպասում է ընտրակաշառքի», մտահոգութեամբ յայտնած է Ռ. Առաքելեան՝ աւելցնելով, որ ՀՅԴ ներկայացուցիչներու հետ բակերուն մէջ կայացած հանդիպումներուն ընթացքին, յատկապէս տարեցները իրենց մօտենալով կը հարցնեն՝ «Ի՞նչ էք բերել մեզ»։
Ըստ Ռ. Առաքելեանի, Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն քարոզարշաւը առանձնայատուկ է, քանի որ մրցակից կուսակցութիւնները ծայրայեղ մօտեցումներ ունին ընտրական գործընթացին նկատմամբ։ Անոնց խօսքերով, իշխանական կուսակցութիւնները կը ձգտին ընտրողներուն ապացուցել, որ աւագանիի ընտրութիւնները կենցաղային նշանակութիւն ունին, իսկ արմատական ընդդիմութիւնը կը ձգտի հնարաւորինս քաղաքականացնելու զանոնք։ Մօտեցումներ, որոնք անընդունելի են ՀՅԴի համար։