ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինեըն».- Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն վերջերս հնչեցուցած յայտարարութիւններուն առնչութեամբ, անցեալ Ուրբաթ, Ատրպէյճանի խորհրդարանին մէջ, իր բողոքը յայտնած է կառավարող «Ենի Ազերպայճան» կուսակցութեան (ԵԱԿ) փոխնախագահ, պատգամաւոր Ալի Ահմետովը՝ ըսելով. «ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ֆրանսացի համանախագահ Պեռնար Ֆասիէի այն կարծիքը, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորումը ոչ մէկ կերպ չէ կապուած հայ-թրքական սահմանի բացման հետ, բացարձակապէս անտրամաբանական է»։
Ըստ նոյն պատգամաւորին, Ատրպէյճանի նախագահը եւ հասարակայնութիւնը կը կարծեն, թէ այդ երկու խնդիրները փոխկապակցուած են իրարու: «Նման դիրքորոշման հրապարակումը Մինսկի խումբի ներկայացուցիչի կողմէ, կը հակասէ միջնորդական առաքելութեան», աւելցուցած է ԵԱԿի անդամ պատգամաւորը: