ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Ուրբաթ, Մայիս 22 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու Քրիստոսի եկեղեցիներու ազգային խորհուրդը նամակով մը կոչ ըրած է Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ Նէնսի Փելոսիին, որպէսզի յաւելեալ աշխատանք տանի Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին վաւերացումը պահանջող թիւ 252 բանաձեւը օրակարգի բերելու եւ անոր վաւերացումը ապահովելու նպատակով:
45 միլիոն հետեւորդներ ունեցող աւելի քան 100,000 եկեղեցիներ ներկայացնող վերոյիշեալ կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար պատուելի դոկտ. Մայքըլ Քինամոն, նամակին մէջ կը յիշէ Քրիստոսի եկեղեցիներու ազգային խորհուրդին կողմէ 2007ին վաւերացուած այն բանաձեւը, ուր ամերիկեան իշխանութեանց կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութեան հաստատումը «անընդունելի» որակուած էր:
Ան իր նամակին մէջ կ՛աւելցնէ, թէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութեանց իսկական բարելաւման համար, Միացեալ Նահանգներու գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութիւնները պէտք է 1915ի ջարդերուն մասին արտայայտուելու ընթացքին գործածեն «միջազգային օրէնքին կողմէ սահմանուած յարմար բառը՝ ցեղասպանութիւնը»:
1950ին հաստատուած Քրիստոսի եկեղեցիներու ազգային խորհուրդի նախագահ Վիգէն արք. Այգազեան եւս իր յուսախաբութիւնը արտայայտած է Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը ճշգրտօրէն չբնուդագրելու նախագահ Պարաք Օպամայի կեցուածքին նկատմամբ, աւելցնելով, որ իր ընտանիքին կէսը զոհ գացած էր մարդկային այդ ողբերգութեան:
Յայտնենք, թէ Նիւ Եորք հաստատուած այս կազմակերպութիւնը կարեւոր աշխատանք կը տանի միջեկեղեցական գործակցութիւն ապահովելու համար:
Փելոսիի ուղղուած Քրիստոսի եկեղեցիներու ազգային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարին նամակը ամբողջութեամբ կարելի է կարդալ www.ncccusa.org/news/090514armeniangenocide.html կայքէջին վրայ:
tses amenit hamar gısem şad şad abril yev vağçutyun u hacoğutyun gağtem