Ա.Պ.
ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Վահէն զարմացուց նոյնիսկ իր մօտիկները: Շուրջ երկու ժամուան ընթացքին առանց դադարի, սահուն անցումներով հազար ու մէկ նիւթ շօշափած կատակախօսութեան մէջ հազիւ թէ մէկ կամ երկու դրուագ իր անցեալի պատմածներէն հանուած կարելի էր նկատել, մնացեալը ամբողջութեամբ նոր էր:
Կենսունակ է Վահէի մենակատարութիւնը, որովհետեւ առնուած է կեանքէն, մեր շրջապատէն, էապէս հայկական աչքով դիտուած, հայկականը՝ իր ամէնէն ամբողջական իմաստով, բոլոր հատուածներէն ու աշխարհագրական տարածքներէն վեր:
Ամուսնական կեանք, Աւետարան, կրօնք, ընկերային խնդիրներ, քաղաքական միջավայր, Սփիւռք, քիչ մը աւելի շատ Հայաստան՝ այս անգամ, աւելի դիպուկ ու աւելի ինքնավստահ, ազգային իւրայատկութիւններու համարձակ քննութիւն, ազատ, հանգիստ ոճով, կապող, առինքնող անմիջականութեամբ:
Կարելի չէ չընդգծել, որ Վահէի իւրաքանչիւր ներկայացում, նաեւ այս վերջինը, անկախ իր կամքէն, գիտակցական ճիգի իբրեւ արդիւնք, ունի մեր ազգային դիմագիծը փայլեցնելու, մեր թերութիւնները սրբագրելու միտում մը, կատակախօսութիւնը իւրօրինակ բարոյախօսութեան մը վերածելու շնորհք մը:
Յամենայնդէպս, այս արուեստագէտը հակասութիւններով առլցուն կերպարի մը բոլոր յատկանիշները ունի: Խորքով ազգային, ընտանիքին՝ հանգուցեալ հօր, հրաշալի մօր, քոյրերուն ու կնոջ անսովոր սիրով, գուրգուրանքով կապուած, ընկերական շրջապատին հետ հաւատարմութեան թելերով շաղկապուած, միեւնոյն ատեն իր խօսքով ու գործով ամէն կարգ, ամէն կանոն, ամէն աւանդութիւն ու աւանդական յարաբերութիւն ծիծաղի առարկայ դարձուցած, հեգնող ու մերժող արուեստագէտն է Վահէն:
Ամէն Հինգշաբթի, Կլէնտէյլի «Պրանտ Վիու Քըլլէքշըն»ի մէջ, կրնաք վայելել Վահէին Ներկայացումը, ինչպէս իսկապէս վայելեցին առաջին ներկայացման աւելի քան 180 հանդիսատեսները: