ՊԷՎԸՐԼԻ ՀԻԼԶ.- Հինգշաբթի, Մայիս 21ի երեկոյեան, աւելի քան 150 հոգի ներկայ էր տոքթ. եւ տիկին Կարօ Քասապեաններու, ինչպէս նաեւ տէր եւ տիկին Քարլօ Կալեաններու նախաձեռնութեամբ հիւրասիրութեան մը, որուն նպատակն էր Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի հիմնադրամի թելեթոնին համար դրամահաւաք կատարել:
Տոթք. Կարօ Քասապեան «Lift MD»ի գրասենեակներուն մէջ տեղի ունեցած հաւաքին ներկայ էին Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Մայք Ֆիուըր, Հայ Դատի յանձնախումբի հիմնադրամի թելեթոնին վարչութեան, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամներ, լրատուական միջոցներու ներկայացուցիչներ, համակիրներ եւ բարեկամներ:
Հայ Դատի յանձնախումբի հիմնադրամի թելեթոնի վարչութեան անդամ Փաթիլ Աբօշեան-Գասպարեան ողջունեց հիւրընկալներուն ցուցաբերած աջակցութիւնը եւ աւելցուց, թէ հայ արուեստագէտները, գիտնականները, գրողները, գործարարներն ու այլ մարզերու մէջ տաղանդաւոր անհատները կը հանդիսանան Հայաստանի ներուժին գլխաւոր աղբիւրը: