ԴԱՄԱՍԿՈՍ.- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւութօղլու, անցեալ Կիրակի, Դամասկոսի մէջ գումարուած Իսլամական երկիրներու խորհրդաժողովի 36րդ նիստին մասնակցելէ ետք, նոյն նպատակով Դամասկոս գտնուող Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ իրեն տրամադրուած ինքնաթիռով Պաքու մեկնեցաւ՝ տեղւոյն վրայ քննարկելու համար Ղարաբաղի բանակցութիւններուն հետ կապուած հարցեր:
Նշենք, որ հազիւ տասնմէկ օր առաջ Տաւութօղլու դարձեալ Պաքու գացած էր՝ ընկերակցելով Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանին:
Ըստ Անատոլիա լրատուական գործակալութեան, Տաւութօղլու Պաքուի մէջ պիտի քննարկէ նաեւ ուժանիւթի մատակարարման հետ կապուած խնդիրներ:
Ատրպեճանական մամուլի գործակալութեան լրագրողին հետ խօսելով, Տաւութօղլու յայտնած է, թէ «Մինսկի խումբը ձախողած է բարելաւում մտցնելու Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ճիգերուն»:
Շարունակելով իր խօսքը, Տաւութօղլու յայտնած է, որ «Մենք Պաքու պիտի մեկնինք պարոն Էլմար Մամետեարովի հետ: Ատրպէյճանը մեր եղբայր երկիրն է, որուն հետ մենք միշտ սերտ յարաբերութիւն ունեցած ենք եւ կը բաժնենք նոյն ճակատագիրը: Այդպէս եղած է անցեալին եւ այդպէս ալ պիտի ըլլայ ապագային: Ոչ ոք կասկած թող չունենայ այդ մասին»:
Պաքուի մէջ Տաւութօղլու հանդիպած է Ատրպէյճանի նախագահին ու արտաքին գործերու նախարարին հետ:
«Որոշ աշխուժութիւն կը զգացուի 17 տարի սառած մնացած Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գծով: Հայաստանը գրաւուած կը պահէ ատրպեճանական հողատարածքները եւ այս իրավիճակը չի համապատասխաներ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի շահերուն: Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահները շուտով պիտի հանդիպին եւ տարբեր չափորոշիչներով քննարկեն հարցերը: Կը յուսանք, որ այս աշխուժութիւնը պիտի արդիւնաւորուի եւ լուծում մը պիտի գտնուի, որ պիտի գոհացնէ երկու կողմերը» յայտարարած է Տաւութօղլու: