Շուէտական «Վալտըն Իտակ» օրաթերթը իր Ուրբաթ, Մայիս 22ի թիւով անդրադարձած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրանալու կապակցութեամբ՝ երկրին արտաքին գործոց նախարարին կողմէ վերջերս կատարուած յայտարարութեան եւ Հայկական կազմակերպութեանց միութեան կողմէ ցուցաբերուած խիստ հակադարձութեան:
Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Քարլ Պիլտ յայտարարած էր, թէ քաղաքագէտներուն պարտականութիւնը չէ պատմական հարցեր քննելը, միաժամանակ պատասխանելով այս մասին երեսփոխանի մը կողմէ կատարուած հարցումին:
Դատապարտելով այս կրաւորական կեցուածքը՝ Հայկական կազմակերպութեանց միութիւնը շեշտած է, թէ քաղաքագէտները պէտք չունին քննելու հարցը, որովհետեւ Ցեղասպանագէտներու միջազգային միութիւնը արդէն իսկ հաստատած է Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը եւ աւելցուցած է, թէ պատմական հարց մը ըլլալէ աւելի, Հայկական Ցեղասպանութիւնը միջազգային ոճիր մըն է, որ պէտք է պատժուի համաձայն ՄԱԿի պայմանագիրներու, որոնց տակ ստորագրած է նաեւ Շուէտի կառավարութիւնը:
Միութիւնը նաեւ անհիմն կը համարէ նախարարին այն պնդումը, թէ Շուէտի կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը կրնայ վնաս հասցնել Հայկական Ցեղասպանութեան շուրջ քննարկումներ սկսելու հայկական եւ թրքական ջանքերուն: