Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
…Ու եղաւ որ Հոլիվուտին «Ֆորտ» սրահին մէջ իր արձանագրած առաջին նուաճումէն մօտաւորապէս երկու տարի ետք, 17 Մայիսին, «Էլեմընթ» խումբը դարձեալ մագլցեցաւ նոյն բեմին բարձունքը, վերստեղծեց խանդավառութիւն, պարի հանեց ունկնդիրները եւ աշխոյժ երգի ու երաժշտութեան յիշատակելի երեկոյ մը նուիրեց բոլորին։
Խումբը նոր կազմով ու ծաւալով բեմ եկաւ այս անգամ։ Խումբին հիմնադիր ու ղեկավար Արա Տապանճեանի կողքին էին Շանթ Մահսէրէճեանը, Հայբերդ Սարեանը, Սօսէ Քէշիշեանը, Գառնի Հատիտեանը, Գրիգոր Սարաֆեանը, Արմէն Մէշէֆէճեանը, Վահան Մեզեանը եւ Ռոման Սամիքիշը։ Բոլորն ալ երգով ու երաժշտութեամբ վարակուած երիտասարդներ՝ երգիչ ու նուագող։ Յայտագիրը, որ կազմուած էր հայերէն, արաբերէն, անգլերէն, յունարէն, սպաներէն ու պարսկերէն երգերով, գունագեղ ու ներդաշնակ խճանկար մը կը կազմէր, բնականաբար տիրապետութեամբ հայերէնին։
Այս սիւնակներով նպատակ չունինք երկար գնահատականներ կամ մանրամասն մեկանաբանութիւններ ընելու յայտագիրին ու ներկայացման մասին, որովհետեւ նման ելոյթի մը ներկայութիւնը չի փոխարինուիր պերճախօս բառերով, այլ կ՛ուզենք կատարել քանի մը մատնանշում։
«Էլեմընթ»ը, իր ստեղծումէն մօտաւորապէս չորս տարի ետք, արձանագրած է կարեւոր նուաճումներ։ Լոս-անճելըսեան թէ այլ շրջաններու իր ելոյթներով, ան գրաւած է սիրտը մեր երիտասարդութեան, որոնք կը յարին նա՛եւ հայերէն երգելու՝ խումբին հետ, կը համակրին անոր նորարարութիւններուն։ Երգացանկին մէջ ներկայութիւն են հայկական դասականացած բայց չհինցող, աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել՝ վերանորոգուած երգեր, որոնք հաճոյքով կ՛ընկալուին տարբեր տարիքի ունկնդիրներու կողմէ։ «Էլեմընթ»ի յաջողութիւններէն մէկն ալ այն է, որ գործնապէս ցոյց կու տայ, թէ երգերը, իրակա՛ն երգերը հիննալու տեղ չունին, այլ արուեստագէտներ, արմատին ու հիմնականին հաւատարիմ մնալու կողքին, կրնան նոր երանգով մը, նոր բոյրով մը այժմէականացնել զանոնք։
Աշուղականը, տոհմիկն ու ժողովրդականը, ոչ-հայկական երգերուն կողքին, ախորժալուր գործիքաւորումով ու իւրայատուկ մեկնաբանութեամբ կը հասնին հանդիսականներուն, որոնք անզգալաբար կամ գիտակցաբար կը տարուին բեմին հետ։ «Անոյշ Գարուն»ի, «Բինկէօլ»ի եւ «Հով գիշեր»ի պէս երգեր կը վերանորոգուին, արդիականութեան բոյրով մը կ՛ողողուին ու կը համակեն հանդիսականները։
Պէտք է արձանագրել, որ տարբեր ժողովուրդներու մշակոյթներէն պատառիկներ մէկտեղող յայտագիրը ներկայացուցեցաւ համաչափ յաջողութեամբ եւ կենսունակութեամբ. գաղտնիքը հաւանաբար այն է, որ խումբը՝ նուագող, երգիչ թէ բեմին ետին աշխատողներ, բծախնդրօրէն ու լաւագոյնը անթերի կերպով մատուցելու աշխատունակութեամբ պատրաստուած էին համերգին։
Աղուոր անակնկալներ էին Խրիմեան Հայրիկի նուիրուած «Եկել է գարուն» երգին թարմացած կատարումը, ապա նաեւ յայտագիրի աւարտին, Նորթ Հոլիվուտի «Փրեսպիթէրիըն» եկեղեցւոյ երգչախումբին կարճատեւ բայց հաճելի մասնակցութիւնը՝ աշուղական երգի մը կատարման՝ «Այ մարգ արա» կրկներգին կշռութաւոր ներկայացումով։ Եթէ «էլեմընթ»ի տղաքը հայերէն եւ ոչ-հայկական երգերով նուաճեցին ունկնդիրներուն սիրտերը, ոչ-հայերէ կազմուած խումբին հայերէն երգելը խանդավառ ծափերով ու գնահատանքի բացագանչութիւններով ընկալուեցաւ հանդիսատեսներուն կողմէ։
Ու եթէ աւելցնենք, որ յայտարարուած յայտագիրին լրումէն ետք, ներկաներուն անընդհատ ծափահարութիւններուն վրայ ներկայացուած «յաւելուած»ին ընթացքին, մանաւանդ «Ալ այլուղս» երգին կատարման պահուն ամբողջ սրահը ոտքի կանգնած կ՛երգէր ու կը պարէր, պէտք չենք ունենար երկար բացատրութիւն տալու արձանագրուած յաջողութեան մասին։