ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան իր Մայիս 27ի ելոյթին ընթացքին անդրադարձաւ Թուրքիոյ մէջ կատարուած ազգային մաքրագործումներուն, յատկապէս՝ 1955ի Սեպտեմբեր 6-7ին, Պոլսոյ մէջ հայերու եւ յոյներու դէմ կատարուած քստմնելի յանցագործութիւններուն, երբ կատաղած ամբոխները հրկիզեցին ու թալանեցին բազմաթիւ եկեղեցիներ ու տուներ՝ սպաննելով բազմաթիւ մարդիկ: «Արտաքսուած են տարբեր ազգագրական ծագում ունեցողներ: Միթէ՞ մենք շահ ունեցանք այդ ամէնէն: Այդ ֆաշիզմի դրսեւորում էր», յայտարարած էր Թուրքիոյ վարչապետը:
Թուրքիոյ հայկական, յունական եւ հրէական համայնքները եւ այլ քաղաքական կողմեր արձագանգեցին վարչապետ Էրտողանի նշեալ յայտարարութեան, որուն դէմ պոռթկումի բարձր ալիք մը բարձրացաւ զանազան կողմերէ:
Ըստ «Նոյեան Տապան»ին, Պոլսոյ Յունաց պատրիարքարանի մամլոյ խօսնակը «Միլլիյէթ» օրաթերթին տուած հարցազրոյցին ընթացքին Էրտողանի յայտարարութիւնը որակած է «համարձակ մօտեցում»՝ աւելցնելով. «Սակայն քաղաքականութիւնը միայն համարձակ խօսքերով չէ, որ կ՛իրականանայ: Անհրաժեշտ են շօշափելի քայլեր»:
Միւս կողմէ, հրէական համայնքի առաջնորդ Սիլվիօ Օվատա յայտարարած է. «Հանրապետութեան հռչակման սկզբնական շրջանին Թուրքիոյ հրէական համայնքը 60 հազար մարդէ բաղկացած էր, իսկ ներկայիս մնացած է 20 հազարը: Անիկա ունի իր պատճառները: Իսկ յոյները 400-500 հազար էին, այսօր՝ 2500 մարդ»: Օվատա յայտնած է, թէ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած այնպիսի իրադարձութիւններ, ինչպիսին էին Թրակիոյ իրադարձութիւնները, Սեպտեմբեր 6-7 տեղի ունեցած դէպքերը, պատճառ դարձան, որ «ոչ մահմետականներ, մեծ թիւով, հեռանան Թուրքիայէն: Վարչապետը ըսած է ճշմարտութիւնը»: Իսկ «Ակօս» շաբաթաթերթի հայերէն բաժինի խմբագիր Բագրատ Էստուկեան, իր կարգին նշած է, որ Թուրքիոյ վարչապետը կը հակասէ ինքզինք. «Մեր վարչապետը ճիշդ բաներ կ՛ըսէ: Սակայն շատ ցաւալի է, որ անոր ըսածները կը հակասեն զիրար: Քանի որ դարձեալ մեր վարչապետը մօտ մէկ շաբաթ առաջ կը խօսէր Թուրքիոյ մէջ անօրինական աշխատող հայաստանցիները արտաքսելու մասին»:
Բ. Էստուկեան յիշեցուց նաեւ ամիսներ առաջ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Վեճտի Կէօնուլի խայտառակ յայտարարութիւնը, ըստ որուն՝ «Պիտի կարենայի՞նք, արդեօք, ստեղծել ազգային պետութիւն, եթէ Թուրքիոյ մէջ մնային հայերն ու յոյները»:
Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի մամլոյ խօսնակ Լուիզ Պաքար, Էրտողանի խօսքերուն առնչութեամբ յայտնած, թէ՝ «Նիւթը քաղաքական է, իսկ պատրիարքարանը երբեք տեսակէտ չի յայտներ քաղաքական հարցերու կապակցութեամբ»:
Հայկական «Թերթ» լրատու գործակալութիւնը, իր կարգին հաղորդեց, թէ ըստ թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթին, Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տէվլէթ Պահչէլի նշած է, թէ՝ «Վարչապետի մտածելակերպը պարզ է. դաւաճանի սովորական օրինակ է, որ հարցականի տակ կը դնէ Լոզանի պայմանագիրը»:
Նաեւ, Թուրքիոյ Հանրապետական ժողովրդական կուսակցութեան ղեկավար Տէնիզ Պայքալ, խորհրդարանական հանդիպման ընթացքին ըսած է. «Ի՞նչ կը ցանկանայ ձեռք բերել ան՝ մեղադրելով Թուրքիան: Մենք, ի հարկէ, պիտի քննարկենք, թէ ի՛նչ սխալներ գործած ենք, բայց վարչապետի պարտականութիւնն է յարգել Թուրքիոյ իրաւունքները»: