ԹՈՐՈՍ ՔԷՉԷՃԵԱՆ
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Պատանեկան ընդհանուր վարիչ մարմինը, այս պարբերաթերթի միջոցով, կ՛ուզէ կապ հաստատել ձեզի հետ՝ ներկայացնելու Դաշնակցական Պատանիին (նոր սերունդի) մտածումներն ու գործունէութիւնները, միեւնոյն ժամանակ մասնակից դարձնելու ձեզ իրենց առօրեայ դաստիարակութեան գործընթացին։
– Ազգային կեանքի մէջ, ընդհանրապէս ամէնէն պատասխանատու գործն է նոր սերունդի առողջ դաստիարակութիւնը, որ կը բխի հայրենասիրութեան բարոյական սկզբունքներէն։
– Առաջին եւ ամենակարեւոր հրամայականը վստահաբար՝ օտարամոլութենէն եւ այլասերութենէն (յոռի բարքերէն) հեռու պահել զանոնք եւ մասնակից դարձնել մեր ազգային աշխատանքներուն ու մշակութային գործերուն։
– Երկրորդ՝ Հայ Դատի պահանջատիրութեան գործընթացին անհրաժեշտութիւնը բացատրել, սորվեցնել Ցեղասպանութեան ճանաչման կարեւորութիւնը, մանաւանդ՝ Մեծ Եղեռնի նահատակներուն յիշատակը յարգելու ազգային գիտակցութիւնը։
Այս յանձնառութեամբ ու խոր համոզումով Պատանեկան ընդհանուր վարիչ մարմինը կը վերահսկէ շրջանի պատանեկան միութիւններու աշխատանքները։ Սակայն կու գանք անդրադառնալու, թէ այս մէկը կը պահանջէ հաւաքական ճիգ։
Նկատի ունենալով, որ բաւական մեծ թիւով պատանիներ հեռու են մեր ազգային միութենական կեանքէն կամ պատանեկան շարքերէն, մեր բոլորէն կ՛ակնկալուի, ոչ միայն գործօն մասնակցութիւն բերել գաղութիս ազգային ու մշակութային կեանքէն ներս, այլ օրինակելի ազգայիններ (հայեր) ըլլալ։ Մեր առօրեայ ապրելակերպը, մեր արտայայտութիւնները եւ գործունէութիւնները կ՛ազդեն նոր սերունդի ազգային գիտակցութեան ու մտային կազմաւորման վրայ։
Ամէնէն պարզ օրինակը՝ խօսինք հայերէն, քաջալերենք նոր սերունդին հայերէն խօսելու, մերժենք թրքական ապրանք գնելը կամ վաճառելը։ Պահանջատիրական հաւաքներու, ձեռնարկներու ներկայ գտնուինք եւ քաջալերենք մեր շրջապատը, որ իրենք ե՛ւս ներկայ գտնուին։
Այլ խօսքով, ազգային եւ բարոյական պարտականութիւն է կառչած մնալը մեր աւանդութիւններուն, զօրավիգ կանգնիլը Հայ Դատին ու հայրենասիրական ոգիով առաջնորդելը նորահաս սերունդը՝ պահպանելու համար ազգային դիմագիծը։
Բոլորս անհամբեր կը սպասենք Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ու հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու հատուցման։ Թէեւ քաղաքական նոր զարգացումներ կան հայ/թուրք յարաբերութիւններուն գծով՝ մեր հայրենի իշխանութեանց կողմէ (որուն դուք մամուլով ծանօթ էք արդէն), ՀՅԴ Պատանեկան ընդհանուր վարիչ մարմինը իր ընդվզումը կը յայտնէ Ցեղասպանութեան 94րդ տարելիցի ոգեկոչման նախօրեակին յայտարարուած, այսպէս կոչուած՝ «Ճանապարհի քարտէս» տհաս համաձայնութեան դէմ։ Այս մէկը մեզի համար անընդունելի երեւոյթ մըն է։ Ո՛չ մէկ համաձայնութիւն, ո՛չ մէկ պայմանագիր Հայոց Ցեղասպանութիւնը սակարկութեան առարկայ կրնայ դարձնել:
Նաեւ կ՛ուզենք մեր երիտասարդութեան ձայնը լսելի դարձնել հայրենի իշխանութիւններուն, որպէսզի մեր ազգային շահերու հակաթուրք պայքարի, հողային պահանջքի, Ցեղասպանութեան ճանաչման արդար դատի լուծման մեր տարիներու աշխատանքը ապարդիւն դուրս չբերեն։
Ամէն անգամ, երբ կը մտածենք 94 տարիներու անարդարութեան, Ապրիլեան Եղեռնի մասին, կը մտածենք հսկայական կորուստի մասին, եւ այս մէկը մեզ կը մղէ վերանորոգելու մեր պայքարին ուխտը։ Աւելին՝ վրէժխնդրութեան ոգին փոխանցելով նոր սերունդին՝ հաւատարիմ մնալու մեր նահատակներու կտակին։
«Այսքան չարիք թէ մոռանան մեր որդիք,
Թող ողջ աշխարհ հայուն կարդայ նախատինք»:
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի
Պատանեկան Ընդհանուր Վարիչ Մարմին
—————————————————————————-
Կարսի Հնոցը
Արեւմտահայաստանի եւ Արեւելահայաստանի սահմանակից էր Կարս նահանգը, որ կը գտնուէր ցարական իշխանութեան տիրապետութեան տակ։ Հեռու էր Թուրքիոյ բռնատիրական լուծէն, անընդհատ կոտորածներէն, տեղահանութիւններէն։ Ան նաեւ օղակն ու բանալին էր Էրզրում, Խնուս, Տարօն եւ Սասուն տանող ճանապարհներուն։ Անոր աշխարհագրական դիրքը եւ կարսեցիին ազգային գիտակցութիւնը զայն դարձուցին ենթահողը յեղափոխական եռանդուն գործունէութեան:
1893էն սկսեալ Կարսի մէջ կը ծաւալէր Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը, իսկ հոն գտնուող գործիչները կը կազմակերպէին շրջանը՝ զայն վերածելով յեղափոխական աշխատանքներու հնոցի մը։ Կարսի առաջին գործիչներէն եղած են Տուրբախը, æալլաթը եւ Հրայրը։ Աւելի ուշ, 1900ական թուականներուն, հոն եղած են Ռոստոմը, Սերգէյը (Արամ Մանուկեան), Իսաջանը, Դումանը, Մենակը, Ռուբէնը եւ շատ ուրիշներ, որոնք յեղափոխական գործին մէջ թրծած են Կովկասէն Կարս եկող երիտասարդ սերունդներ, որոնցմէ մաս մը մասնակցած են զինատար խումբերու եւ քաջաբար նահատակուած երկրի ճամբուն վրայ, իսկ ոմանք, հասնելով Արեւմտահայաստան՝ կազմակերպած են ժողովուրդը, ընդօրինակելով յեղափոխական այն բոլոր աշխատանքը եւ կազմակերպական ձեւերը, որոնց մասնակցեցան եւ ծանօթացան Կարսի մէջ։
Կարսի հնոցին մէջ նաեւ կազմաւորուած է Հ.Յ.Դաշնակցութեան կազմակերպական կառոյցը, որ գրեթէ նոյնութեամբ կը կիրարկուի ներկայիս կուսակցութեան մէջ։
Կուսակցութեան կառոյցը կը նմանէր բուրգի մը, որուն գագաթը կը կենար Կեդրոնական կոմիտէն, որուն եօթը անդամները ընտրուելէ ետք, անոնք կը մնային գաղտնի։ Կուսակցականները կը բաժնուէին թաղային խումբերու. այն քաղաքամասերը, ուր կուսակցական խումբերուն թիւը շատ էր, բաժնուած կ՛ըլլային կոմիտէութիւններու։ Կոմիտէն կը բաղկանար հինգ ընկերներէ։ Գիւղերու մէջ ենթակոմիտէն կ՛ըլլար ամենաբարձր իշխանութիւնը՝ բաղկացած երեք կուսակցականներէ։ Կեդր. կոմիտէն կը նշանակէր 2-3 շրջիկներ, որոնք իրենց տրամադրութեան տակ կ՛ունենային երկու զինուոր։ Շրջիկները Կեդր. կոմիտէին կապը կ՛ըլլային շրջաններուն քով, կը փոխանցէին անոր հրահանգները, կը հսկէին հրահանգներու գործադրութեան, կարգի կը հրաւիրէին անկարգները եւ կը վճռէին անլոյծ մնացած դատերը։ Շրջիկները ծանօթ էին կառավարութեան կողմէ. կարծէք թէ իրենք ըլլային կազմակերպութեան ղեկավարները, սակայն անոնք կը ծածկէին Կեդր. կոմիտէն, որ թէեւ գաղտնի, բայց տէրն ու տիրականն էր շրջանին։ Անոր ձեռքն էր գործիչներու նշանակումը կամ հեռացումը, անոնց կարգի հրաւիրելու կամ պատժելու կարողութիւնը, քանի որ բոլորը կ՛աշխատէին անոր անունով:
Գործի մը նախաձեռնութիւնը կամ կազմակերպումի առաջարկները կու գային խումբերէն. Կեդր. կոմիտէն, իր կարգին պարտաւոր էր քննելու եւ իւրացնելու այդ հաւաքական որոշումները. այս պատճառով ալ Կեդր. կոմիտէն մենատիրական չէր կրնար ըլլալ։
Կուսակցականները կը կազմէին բնակչութեան 1-2 առ հարիւրը, բայց եւ այնպէս, մեծ դեր ունէին շրջաններու կազմակերպման եւ աշխատանքներու համերաշխ ընթացքին մէջ։ Կուսակցական տուրքը չնչին գումար մը ըլլալով հանդերձ, չափանիշն էր կուսակցականի պարտականութեան գիտակցութեան։ Այս տուրքէն կը գոյանար կուսակցութեան ընդհանուր եկամուտին 10 առ հարիւրը, իսկ 90 առ հարիւրը կը հաւաքուէր ժողովուրդէն հանդէսներու եւ հանգանակութիւններու ընթացքին, որոնք արդիւնքը կ՛ըլլային գործիչին կամ կուսակցականներուն տարած եռանդուն աշխատանքին։
Գործիչը, շրջիկը եւ երկիր գացողները Կարս կու գային՝ անցնելու համար Արեւմտահայաստան, «մատաղ» ըլլալու եւ նահատակուելու ազգին համար։ Անոնք կ՛ենթարկուէին յատուկ օէնքներու։ Պէտք էր հրաժարէին ամէն սեփականութենէ, վայելքներէ, ընտանեկան յարաբերութիւններէ. պէտք է ըլլային իրենց անձին եւ ընկերոջ ծառան։ Պէտք է ըլլային մաքուր նկարագրի տէր անձեր, նաեւ՝ պատշաճ իրենց շարժուձեւերուն մէջ, միաժամանակ՝ համարձակ, հպարտ եւ չարքաշ:
Կարսի դաստիարակչական աշխատանքներէն էր հաստատումը գիւղերու մէջ գաղտնի դպրոցներուն, որոնք ընդհանրապէս եկեղեցիին յարկին տակ կամ գոմերու մէջ կ՛ըլլային։ Հայկական ուսումը պարտադիր էր, ռուսերէն խօսիլը կամ արտայայտուիլը դաւաճանութիւն կը նկատուէր։ Հայ ժողովուրդը կը հակադրուէր ցարի բռնատիրութեան, 1885ի հայ դպրոցներու փակման եւ 1903ի եկեղեցական կալուածներու գրաւման հրամանագիրներուն, նաեւ կը մերժէր իր զաւակը ղրկել ռուս պետական դպրոց։
Դպրոցներու կողքին, «պոյքոթ»ի ենթարկուած էին ռուս պետական դատարանները։ Կեդրոնական կոմիտէն արգիլած էր կառավարութեան մօտ դատուիլը։
Հակառակորդ կողմերը, կուսակցական կամ ոչ, իրենց վէճերը եւ վկաները կը ներկայացնէին ենթակոմիտէին, որուն վճիռը պարտադիր էր. եթէ հարցը բարդ էր, ապա կը փոխանցուէր շրջանի կոմիտէին, Կեդր. կոմիտէին եւ կամ շրջիկին։ Այդ պարագային, անոնց տուած վճիռները վերջնական էին։ Հայերու եւ օտարներու միջեւ տեղի ունեցած վէճերով կը զբաղէին Կեդր. կոմիտէի գործիչները եւ ոչ թէ մարմինները։ Դաշնակցական գործիչը երբեմն զինուած կը ներկայանար վէճ ունեցող օտարին տունը եւ կ՛առաջարկէր հարցը լուծել առանց կառավարութեան միջամտութեան։ Այդ թուականներուն Դաշնակցութեան կամ գործիչին կողմէ վճռուած դատերը այնքան հռչակ շահած էին, որ նոյնիսկ օտարներ կ՛ուզէին իրենց դատերը լուծել Դաշնակցութեան դատավարութեամբ։
Պատժական տնօրինումները կ՛ըլլային ըստ յանցանքի։ Ամէնէն մեծ պատիժը մահապատիժն էր, որ կը տրուէր դաւաճանութեան եւ մարդասպանութեան պարագաներուն, եւ կը վճռուէր միայն Կեդր. կոմիտէին կողմէ, անոր անդամներուն միաձայն որոշումով։ Պատիժը գործադրողը ոճրագործ կը նկատուէր, եթէ չունենար Դաշնակցութեան կարմիր կնիքը:
Բացի դաւաճանական պարագաներէ, մահուան վճիռները Կեդր. կոմիտէին կողմէ կրնային մեղմացուիլ եւ վերածուիլ վերջնական աքսորի։ Մահապարտը կը հրաժարէր իր ծնողքէն, կնոջմէն, տունէն եւ 12 ժամուան ընթացքին կը հեռանար Կովկասէն։ Այս որոշումը կը գործադրուէր անոր հարազատներուն ստորագրութեամբ, իսկ վերադարձի պարագային, ոչ միայն ինք, այլ բոլոր ստորագրողները մահուան կը դատապրտուէին։
Պարզ աքսորի պատիժը կը տրուէր անկարգ կուսակցականներու, որոնց ներկայութիւնը բաղձալի չէր շրջանին մէջ։ Կարմիր կնիքով շրջիկը կը ներկայանար եւ կը հրամայէր քանի մը ժամէն հեռանալ Կարսէն։
Բանտարկութեան պատիժը կը տրուէր գողերուն, չարաշահողներուն եւ իրենց պարտականութեան մէջ թերացողներուն։ Յանցաւորը առանձին կ՛ուղարկուէր Դաշնակցութեան բանտը եւ ինք ներսէն կը կղպէր իր դուռը. իր ուտելիքն ու խմելիքը ինք կամ իր ազգականները պէտք էր հոգային։
Գրծիչներուն վրայ կը ծանրանար զէնքի եւ զինամթերքի հայթաթման աշխատանքը։ Զէնքը խիստ արգիլուած գոյք մըն էր, սակայն՝ շատ անհրաժեշտ երկրին համար։
Գործիչները եւ շրջիկները կը տանէին նաեւ «փրոփականտա»ի գործը։ Այդ թուականներուն ոչ մէկ կուսակցական թերթ կը հրատարակուէր Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Պարսկաստանի մէջ, իսկ «Դրօշակ»ը շատ ուշ կը հասնէր Կարս եւ կը կարդացուէր միայն փոքրաթիւ անհատներու կողմէ։ Անօգուտ էր մամուլին ուժ տալը։ «Փրոփականտ»ի գլխաւոր միջոցը բերանացի քարոզչութիւնն էր, որ հասկնալի էր ժողովուրդին։ Ան կը կատարուէր մէկ կողմէ աշուղներու եւ միւս կողմէ մտաւորական գործիչներու միջոցաւ։ Աշուղը իր կարճ պատմութեամբ, երգով կամ նուագով ժողովուրդին մէջ կ՛արթնցնէր անցեալի եւ ապագայի փայլուն օրերու իղձերը, որմէ ետք բուն դասախօսը, քարոզիչը կամ գործիչը, կը խօսէր ներկայի իրականութեան մասին, որքան ալ դառն ըլլար ատիկա։
Կարսի յեղափոխական այս հնոցին մէջ չէր պակսեր Արեւմտահայաստանէն եկող գաղթականներու եւ փախստականներու հարցը, մանաւանդ՝ 1894-96ի կոտորածներուն, երբ 25,000 գաղթականներ ապաստանեցան Կարս։ Կարսեցին գորովագութ մօր մը պէս տեղաւորեց այդ ընտանիքները իր սեփական յարկին տակ եւ իր ընտանիքին համահաւասար իրաւունքներով հոգ տարաւ անոնց։
Կարսեցիին ազգային բարձր գիտակցութիւնը շրջանին մէջ ստեղծած էր մթնոլորտ մը, ուր կ՛անհետանար ամէն անհատական դառնութիւն ու եսասիրութիւն։ Կարսը հասած էր իր նպատակին՝ շրջանին մէջ ստղծելով ինքնավար յեղափոխական ներքին կառավարութիւն մը։
———————————————————————————
Ապագայ Ձեռնարկներ – Upcoming Events
June 5 – Song competition and oath ceremony, Glendale
Յունիս 5 – Երգի մրցոյթ եւ երդման արարողութիւն, Կլէնտէյլ
September 2009 – Badanegan Olympics, Ferrahian, N. Hills
Սեպտեմբեր 2009 – Պատանեկան Օլիմպիկ Մրցոյթ – «Ֆերահեան», Նորթ Հիլզ
Պատանեկան Միութեան Աշխատանքներ
Badanee Activities
Pasadena chapter:
Our Mission is Recognition
On Saturday, April 25, 2009 40 badanees of all ages from the Pasadena Nigol Touman Badanegan chapter went to the streets of Old Town Pasadena chanting slogans of anti Genocide as well as collecting petition signatures to call on President Obama to recognize the Armenian Genocide.
The goal of the campaign was to collect 1000 signatures. For about 2 hours with posters of slogans hanging from their necks the badanees in groups of 10 stood at 4 corners of Old town Pasadena and collected 650 signatures. The badanees made sure to let the public in those 2-5 hours hear their voices, shouting, 1915 NEVER AGAIN.
After breaking for lunch, the Badanees made a commitment to carry out the same action every year, pledging to continue making their voices heard until justice prevails. At the beginning of the year, a Badanee, Ungerouhi Lori Dgegerian, made a commitment and called this year a year of Recognition and as such the Pasadena badanegan chapter made 1000 buttons that read OUR MISSION IS RECOGNITION and passed them out to everyone that attended an April 17 vigil, where the local community commemoration was taking place as well as Thursday April 23 where approximately 36 badanees joined the Homenetmen 18th annual Walkathon from the Pasadena Armenian center to the Montebello Monument.
Փասատինա Մասնաճիւղ
Շաբաթ, Ապրիլ 25ի առաւօտուն Փասատինայի «Նիկոլ Դուման» մասնաճիւղէն 40 պատանիներու մասնակցութեամբ քայլարշաւ մը տեղի ունեցաւ Օլտ Թաուն Փասատինայի մէջ։ 2.5 ժամ տեւողութեամբ այս քայլարշաւի ընթացքին պատանիները թէ՛ իրենց պատգամը հասցուցին Ամերիկացի հայրենակիցներուն եւ թէ՛ նախագահ Օպամային ղրկուելիք խնդրագիրն հաստատող 650 ստորագրութիւններ հաւաքեցին։
Valley chapter
Participated in local April 24 commemorative event at Avedisian Hall
Վալի Մասնաճիւղ
Մասնակցեցաւ շրջանի, «Աւետիսեան» սրահին մէջ կազմակերպուած Ապրիլ 24ի յուշերեկոյին
Orange County chapter:
Participated in a walkathon organized by the local ANC and AYF
Օրէնճ Քաունթի Մասնաճիւղ
Մասնակցեցաւ շրջանի ՀԵԴի կողմէ պատրաստուած քայլարշաւին