ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Մէկ հարցումով դիմեցինք իրաւաբան, Հայ Դատի գործիչ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Սեդօ Պոյաճեանին:
Մեր հարցումը. Հայ Դատի Յանձնախումբը զօրավիգ կանգնեցաւ Պարաք Օպամայի նախագահական ընտրապայքարին: Հիմա, Հայ Դատի շրջանակին մաս կազմող երիտասարդներ բողոքի արտայայտութիւններով կը դիմաւորեն նախագահ Օպամային Լոս Անճելըսի մէջ:
Ինչպէ՞ս կը բացատրէք այս երեւոյթը: Ինչպէ՞ս կը բանաձեւէք Հայ Դատի Յանձնախումբի եւ անոր համակիրներու քաղաքական դիրքորոշումը նախագահ Օպամայի հանդէպ իբրեւ երկրի ղեկավար: Կը ներկայացնենք պատասխանը.
Ճիշդ էք, երեք օր առաջ, Չորեքշաբթի, Մայիս 27ի յետմիջօրէին, Պեվըրլի Հիլթըն պանդոկին առջեւ, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան եւ Շանթ Ուսանողական Միութեան անդամ ու համակիր երիտասարդներ եւ ուսանողներ ցուցական միջոցառումով դիմաւորեցին նախագահ Պարաք Օպաման, երբ ան պանդոկ ներկայացաւ՝ մասնակցելու համար Դեմոկրատ կուսակցութեան հանգանակային ձեռնարկին: Սակայն, Հայ Դատի Յանձնախումբին գործօն համակիրներ հանդիսացող այս երիտասարդներուն բողոքի սոյն արարքը չի հակասեր նախագահական ընտրապայքարին Օպամայի զօրակցութեան մեր դիրքորոշումին:
Օպաման քաջատեղեակ է, թէ իրեն հանդէպ մեր զօրակցութիւնը պայմանաւորուած է Հայ Դատի Յանձնախումբի շարք մը ակնկալութիւններով ու պահանջներով, որոնց իրականացման համար ան մեզի փոխանցեց իր յստակ խոստումը: Աւելին, այս ուղղութեամբ ան բազմաթիւ առիթներով վերահաստատեց իր խոստումը: Հետեւաբար, Օպաման նաեւ քաջատեղեակ է Ամերիկեան քաղաքական խաղի այն օրէնքին, թէ երբ խոստումին տէրը գտնուի խոստմնադրուժ կացութեան մէջ, խոստմնառու կողմը հարկադրուած է նախ յիշեցումի կարգով ուշադրութեան առարկայ դարձնել խոստմնադրժումը՝ անոր սրբագրումին պահանջով: Իսկ երբ շարունակէ առկայ մնալ դրժումը, այդ պարագային կը սկսի խնդրոյ առարկայ դառնալ սկզբնական զօրակցութեան պայմանաւորումը:
Պեվըրլի Հիլթընի դիմաց երիտասարդական միջոցառումը Օպամայի խոստումին յիշեցման հանգրուանը կը ներկայացնէ: Բողոքի թեման էր՝ «Պահպանէ Խոստումը»: Այս եւ շարք մը այլ քաղաքական նախաձեռնութիւններով արդէն յիշեցման զգաստութեան մեր քայլերը բաւարար տարողութեամբ հասած են Սպիտակ Տուն: Մեր նպատակն է անցողակի վիճակի մէջ պահել ցարդ կատարուած խոստմնադրժումը եւ անպայման իրագործել մեր զօրակցութեան դիմաց տրուած խոստումները:
Այս տարազումով պէտք է ըմբռնել Հայ Դատի Յանձնախումբի եւ անոր ժողովրդային յենարանի (grass roots) քաղաքական դիրքորոշումը նախագահ Օպամայի հանդէպ՝ իբրեւ երկրի ղեկավար: Սոյն դիրքորոշումը հիմք ունի որոշ տուեալներ:
Առաջին, խոստմնադրժումը պէտք չէ անպայմանօրէն վերագրել անձնապէս նախագահ Օպամային: Թուրքիա իր այցելութեան ընթացքին ան ցուցաբերեց յանդուգն կեցուածք ու քաղաքական բովանդակութեամբ թուրք ժողովուրդին եւ ղեկավարութեան փոխանցեց իր կեցուածքը Հայկական Ցեղասպանութեան առնչութեամբ:
Երկրորդ, մինչեւ Ապրիլ 23ի ուշ երեկոյեան Սպիտակ Տան մէջ տակաւին ոչ մէկ պաշտօնատար չէր գիտեր Ապրիլ 24ի Նախագահական Յայտարարութեան մէջ ցեղասպանութեան եզրի գործածութեան ճակատագիրը:
Երրորդ, Օպամայի անվտանգութեան խորհուրդի անդամները կիսուած էին ցեղասպանութեան եզրի գործածութեան թեր եւ դէմ ճակատներու:
Չորրորդ, Սպիտակ Տան անձնակազմի պետը, անվտանգութեան գլխաւոր խորհրդատուն եւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մօտ Ամերիկայի դեսպանուհին կը հանդիսանային ցեղասպանութեան եզրի գործածութեան անտեսման գլխաւոր ջահակիրները:
Հինգերորդ, Սպիտակ Տան մէջ ցեղասպանութեան եզրի գործածութեան դէմ եղող կողմին համար ամենէն համոզիչ տուեալը կը հանդիսանար Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ ընթացող երկխօսութիւնը, որ Ապրիլ 22ին հրապարակուած Հայաստանի ու Թուրքիոյ արտգործ նախարարութեանց միատեղ յայտարարութեամբ վերածուեցաւ գերակշիռ գործօնի:
Առ այդ, ակներեւ կը դառնայ թէ ցեղասպանութեան տարազի գործածութեան ընդդիմացող կողմը օգտագործեց Հայաստան-Թուրքիա երկխօսութեան երեւութական փաստը եւ յաջողեցաւ իր հակակշիռը բանեցնել Ապրիլ 24 Նախագահական Յայտարարութեան վերջնական բովանդակութեան վրայ: Իսկ Օպամա սոյն յայտարարութեան մէջ կրկին անգամ շեշտելով հանդերձ իր անձնական համոզումը, ընթացք տուաւ ընդդիմացողներու խորհուրդին՝ մեկնելով Հայաստան-Թուրքիա երկխօսութեան առիթ տալու մտահոգութենէն:
Հիմա երբ յստակ կը դառնայ Էրտողանի կառավարութեան անլրջութիւնը եւ թուրք ընդդիմադիր ուժերու հակադրութիւնը Հայաստան-Թուրքիա դրացիական յարաբերութիւններու գործընթացին նկատմամբ, ցեղասպանութեան եզրի գործածութեան ընդդիմացող Օպամայի խորհրդականները կը գտնուին անել դիրքերու վրայ, որովհետեւ գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար անոնք խաղի բերուեցան Թուրքիոյ կողմէ ու նաեւ նախագահին մասնակից դարձուցին այդ խաղին:
Մեր աշխատանքը պիտի ըլլայ աւելի հիմնաւորել եւ լսելի դարձնել թրքական այս խաղը՝ նախագահին ու անոր խորհրդականներուն, որպէսզի կատարուած սխալը չկրկնուի: