ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Չորեքշաբթի, Մայիս 27ին, յունական Ս. Սոֆիա եկեղեցւոյ մէջ, հանդիպում մը տեղի ունեցաւ քոնկրէսական Խաւիէր Պեսերայի եւ հայկական ու յունական համայնքներու ներկայացուցիչներուն միջեւ:
Հանդիպումը կազմակերպուած էր Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին, ամերիկեան յունական խորհուդին ու Ամերիկայի հայկական համախմբումին կողմէ եւ մաս կը կազմէր Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին ղեկավարման բանախօսութեան շարքին:
Քոնկրէսական Պեսերան յայտարարեց, թէ վերջին երկու տասնամեակներուն Միացեալ Նահանգներ օգտուած է Հայաստանի նորանկախ հանրապետութեան հետ սերտ յարաբերութիւններէն, ինչպէս նաեւ ամերիկահայութեան ունեցած ներդրումներէն:

«Իբրեւ Հայաստանի սերտ բարեկամ ու դաշնակից, կը հաւատամ, որ Հայկական Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը վաղուց պէտք է ճանչցուած ըլլար, որպէսզի կարենան անկէ դասեր քաղել: Ճանաչումը տեղի պէտք է ունենար, նոյնիսկ եթէ սերտ յարաբերութիւններ գոյութիւն չունենային մեր եւ Հայաստանի միջեւ», յայտարարեց ան, յիշեցնելով, թէ նեցուկ կը կանգնի քոնկրէսական Էտըմ Շիֆի կողմէ Ներկայացուցիչներու տան ներկայացուցած Հայակական Ցեղասպանութեան նորագոյն բանաձեւին:
Ելոյթներ ունեցան նաեւ Ամերիկեան յունական խորհուդին փոխնախագահ Արիս Անակնոս, ամերիկայի հայկական համախմբումի վարիչ Եղիկ Քէշիշեան ու Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ գործավար Էնտրու Քիզիրեան:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը երկարամեայ սերտ յարաբերութիւններ ունի Պեսերայի հետ, որ անցեալին Քալիֆրնիոյ խորհրդարանին մէջ ներկայացուցած է Փոքրիկ Հայաստան շրջանը: Ան ներկայիս հինգերորդ բարձրագոյն դիրքը ունի Ներկայացուցիչներու տան դեմոկրատ ղեկավարութեան մէջ: