Սիրելի հաւատացեալ ու հաւատաւոր հայորդիներ,
Մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի գեղեցիկ առակներէն մէկը արձանագրուած է Մատթէոսի Աւետարանի 25րդ գլուխին մէջ. հարուստ գործատէր մը, ճամբորդութենէ առաջ, իր ծառաներուն որոշ գումարներ կը վստահի, որպէսզի անոնք շահարկեն. վերադարձին, ան կը տեսնէ, որ ծառաներէն ոմանք իրենց տրուած գումարը լաւագոյնս շահարկած են, հետեւաբար, զանոնք կը վարձատրէ բազմապատիկ, իսկ մէկը, որ ոչինչ ըրած էր, կը զրկէ վարձատրութենէ։
Հայ Դատի յանձնախումբերուն նուիրեալ ծառայողներն ալ, սիրելիներ, նման են առակին մէջ մատնանշուած հաւատարիմ ու լաւագոյնս շահարկող ծառային։ Անոնք տասնամեակներէ ի վեր գործի լծուած են անսակարկ նուիրումով, իրենց ձեռքին ունեցած նուազագոյն միջոցներով, յատկապէս սահմանափակ նիւթական միջոցներով հետամուտ են մեր անժամանցելի իրաւունքներուն հետապնդման, կը մարմնաւորեն մեր ազգային ու հայրենական պահանջատիրութիւնը։
Տասնամեակներ առաջ, մենք կ՛ապրէինք համեմատաբար փոքր աշխարհի մը մէջ. Ցեղասպանութեան ու անոր ընկերացած անասելի անիրաւութիւններուն դիմաց, բողոքի ու պահանջատիրութեան մեր աշխատանքները կարելի էր հետապնդել սահմանափակ միջոցներով։ Յետոյ, սակայն, իրաւազրկող ու ցեղասպան պետութիւնը, իրազեկ ըլլալով, որ մեր արդար պահանջները յառաջդիմութիւն կ՛արձանագրեն, իր ու համախոհներու նիւթական ու քարոզչական կարողութիւնները լծեց արդարութեան ձայնը խեղդելու արշաւներուն։ Ողջ հայութիւնը, բայց մանաւանդ մեր իրաւունքներուն դրօշակիր Հայ Դատի յանձնախումբերը հակադարձեցին արիաբար, որդեգրեցին ժամանակակից աշխարհի միջոցները, այսօր ալ երթը կը շարունակեն յաղթական ընթացքով։ Անոնք մեր ժողովուրդին կողմէ իրենց տրամադրուած օժանդակութիւններն ու զօրակցական կեցուածքները կը շահարկեն հաւատարմութեամբ, իրենց ստացածը տասնապատկելով ու հարիւրապատկելով՝ նահանջի կը մատնեն ցեղասպանին ու արդարութեան ձայնը խեղդել փորձողին ճիգերը։ Հայ Դատի նուիրեալները կը յաջողին, որովհետեւ մեր պահանջները արդար են, մենք արդար իրաւատէրեր ենք, բայց մանաւանդ մեր ամբողջ ժողովուրդը կը կանգնի այս աշխատանքին կողքին, նիւթապէս ու բարոյապէս մասնակից է անոր։
Ահա այս մօտեցումով է, որ կը դիտենք, պէտք է դիտենք Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպած պատկերասփիւռային հանգանակութիւնը՝ 31 Մայիսի թելեթոնը։ Եկէք, միասնաբար ու առատաձեռնօրէն ընդառաջենք Հայ Դատի այս կոչին, այն վստահութեամբ, որ մեր իւրաքանչիւր լուման պիտի բազմապատկուի մեր իրաւունքներու կենսագործման գործին մէջ։ Նուիրաբերելու գոհունակութեան կողքին, մենք պիտի ունենանք այն բերկրանքն ու ցնծութիւնը, թէ ազգային ու հայրենական գործին դիմաց անտարբեր չենք, ձեռնածալ ու կրաւորական հանդիսատես չենք, այլ՝ գործօն մասնակիցներ։
Աւելի՛ն, սիրելի հաւատացեալ հայորդիներ, աղուոր զուգադիպութեամբ մը, Հայ Դատի հանգանակային այս աշխատանքը կը զուգադիպի Հայաստանի հանրապետութեան հաստատման 91րդ տարեդարձին։ Կիրակի, 31 Մայիսին, ու համաձայն մեր թեմի աւանդութեանց, մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ պիտի կատարուի Հանրապետական մաղթանք. պիտի յիշենք, որ դարերու զրկուածութենէ ետք, 1918ի Մայիս 28ին, իբրեւ արդիւնք մեր ժողովուրդի երկարաշունչ պայքարին ու անհուն զոհաբերութեան, իբրեւ անմիջական արդիւնք՝ Սարդարապատի ու Բաշ Ապարանի անհաւասար ճակատամարտերուն մեր ժողովուրդին, ամբո՛ղջ ժողովուրդին արձանագրած յաղթանակին, հայրենի հողերուն վրայ կերտեցինք անկախ հանրապետութիւն, ու այդ հանրապետութենէն այսօր մեզի պատգամ կը մնայ ամբողջական ու միացեալ Հայաստանի վերահաստատման աւանդը։ Հայ Դատի սպասարկուները այսօր եւ միշտ կը գործեն այդ աւանդին հաւատարմութեամբ, եւ դո՛ւք, սիրելիներ, լիովին բաժնեկից էք այդ ժառանգութեան, մեր անժամանցելի իրաւունքներուն համար տարուող բազմաճիւղ պայքարին, պահանջատիրութեա՛ն։
Օ՛ն, ուրեմն, այս հաւատքով ու մեր աւանդներուն հաւատարմութեամբ՝ նուիրաբերենք ի սրտէ եւ լիաբուռն կերպով։ Եւ թող մեր նուիրաբերումը նմանի այն հատիկներուն, որոնք վաղը մէկի տեղ տասը, հարիւր ու աւելի արդիւնք պիտի տան մեր իրաւունքներու հետապնդման անդաստաններուն մէջ։ Եւ ինչպէս բանաստեղծը նկարագրած է սերմնացանը՝ թող մեր ձեռքերէն անպարագիծ արձակուած սերմերը իբրեւ օրհնութիւն բաշխուին մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն, նոյնինքն մեր հայրենիքին։
Թող բարձրեալն Աստուած օրհնէ մեր նուիրաբերող ժողովուրդը, Իր Ս. Աջը պահապան ընէ հայրենակերտումի ու մանաւանդ մեր արդար իրաւունքներուն ի խնդիր գործողներուն աշխատանքի դաշտերուն վրայ, եւ մեզի ընծայէ մեր անժամանցելի պահանջներուն իրականացման միջոցները։
Սիրոյ ջերմ ողջունիւ՝
Աղօթարար՝
Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան
Առաջնորդ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի