ԼԱՐԱ ՂԱՐԻՊԵԱՆ
ՊԷՎԸՐԼԻ ՀԻԼԶ.- Չորեքշաբթի, Մայիս 27ին, հարիւրաւոր ցուցարարաներ հաւաքուած էին Պէվըրլի Հիլզի «Պէվըրլի Հիլթըն» պանդոկին շուրջ, ուր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Դեմոկրատ կուսակցութեան ի նպաստ դրամահաւաքի ձեռնարկի մը կը մասնակցէր:
Ցուցարարներուն շարքին էին նաեւ աւելի քան 100 հայորդներ, որոնք եկած էին յիշեցնելու նախագահին, թէ պէտք է յարգէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու իր նախընտրական խոստումը:
Հաւաքը կազմակերպուած էր ՀԵԴի եւ ՀՅԴ «Շանթ» ուսանողական միութեան նախաձեռնութեամբ:
«Խոստումդ յարգէ Օպամա», «94 տարի անցած է. արցունքները կը բաւեն», ու այլ պաստառներ բարձրացուցած հայորդիներուն քով նկատելի էր տխրութիւն մը, որ կու գար իրենց հիասթափութենէն, սակայն միաժամանակ կարելի էր տեսնել այն յոյսը, թէ իրականութիւնն ու արդարութիւնը պիտի յաղթանակէ:
2010ի ընտրութիւններուն քոնկրէսական Ճէյն Հարմընի դէմ մրցող Մարսի Ուինկրէտ յայտնեց, թէ «անպատասխանատուութիւն» ու «քաղաքացիները անյայտ դարձնելու փորձ մը» կը համարէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչում շնորհելու խոստումը չյարգելու նախագահ Օպամայի կեցուածքը:
Այլ ցուցարարներ կը պահանջէին նախագահ Օպամայէն, որ յարգէ Իրաքի ու Աֆղանիստանի պատերազմները արագօրէն աւարտելու խոստումը:
Շարք մը պատկերասփիւռի կայաններ սփռեցին հայկական ցոյցէն տեսարաններ եւ հայ ցուցարարներ իրենց կարծիքները արտայայտեցին լրագրողներուն: