ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Կիրակի, Մայիս 31ին կայանալիք Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Հիմնադրամին կազմակերպած թելեթոնի նախօրեակին կազմակերպուած դրամահաւաքի ձեռնարկներու ծիրէն ներս, Չորեքշաբթի, Մայիս 27ին հաւաք մը տեղի ունեցաւ Հայ Դատի երկարամեայ գործիչներ Վահէ եւ Այտա Եղիազարեաններու բնակարանին մէջ, որուն ներկայ էին Լոս Անճելըսի տարբեր շրջաններէ համակիրներ:

Վերոյիշեալ ձեռնարկի ընթացքին ելոյթներ ունեցան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան, ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Սթիւ Տէտէեան եւ թելեթոնի յանձնախումբին Կլէնտէյլի ներկայացուցիչ Պարոյր Յակոբեան: Ներկայ էին նաեւ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի ատենապետ Աւետիք Իզմիրլեան եւ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Հիմնադրամի վարչութեան ատենապետ Լէոնարտ Մանուկեան, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄի «Արարատ» մասնաճիւղի, ՀՕՄի եւ Արեւմեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամներ:
«Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի հիմնադրամին գործունէութիւնը եւ թելեթոնը նոր մակարդակի կը բարձրացնեն ամերիկահայութեան քաղաքական գործունէութիւնը», յայտնեց Պարոյր Յակոբեան, որ միաժամանակ քաղաքական հարցերու մասին լաւատեղեակ ըլլալու, իր կածիքները բացայայտելու եւ գործնական քայլերու դիմելու կոչ ըրաւ ամերիկահայութեան:
Դրամահաւաքի աշխատանքը գլխաւորեցին Ճասիկ Ճարահեան ու Յակոբ Պաղտասարեան, որոնց ստեղծած խանդավառութեան շնորհիւ գոյացաւ աւելի քան 100,000 տոլար գումար մը: Անոնք նաեւ կոչ ըրին համայնքին, որ իրենց նիւթական աջակցութիւնը ցուցաբերեն Կիրակի օրուան թելեթոնին:
Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական ծրագիր մը:
«Այսօր դէպի առաջ կարեւոր քայլ մը կ՛առնենք, միասնական աշխատանքով նեցուկ կանգնելով Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Հիմնադրամին, որպէսզի ան կարենայ իրականութեան վերածել իր առաքելութիւնն ու նպատակները», յայտարարեց Այտա Եղիազարեան: