ԹՈՐՈՍ ՕՍՄԱՆՃԵԱՆ
Ամիսներէ ի վեր շշուկներ կը շրջէին, թէ «ՅԱՌԱæ»ը պիտի փակուի: Շշուկներ, որոնք դժբախտաբար, ցաւալի իրականութիւն դարձան:
Շուրջ 90 տարիներ շարունակ «ՅԱՌԱՋ» Ամօ՛թ Մեզի՝ Ֆրանսահայ Գաղութ{Ամօ՛թ Մեզի՝ Ֆրանսահայ Գաղութ»ը լոյս տեսաւ, եղաւ Եւրոպայի հայերէն միակ օրաթերթը:
Ֆրանսական այլ թերթեր ամսաթերթ, շաբաթաթերթ, պարբերաթերթ, որոնք երբեմն երկու լեզուով լոյս կը տեսնեն: Սակայն «ՅԱՌԱæ»ը, այն թերթն էր, որ տարիներ շարունակ, հակառակ հսկայական դժուարութիւններուն, տոկաց ու տոկաց: Ներկայութիւն մըն էր ամբողջ Եւրոպայի հայութեան համար:
Սակայն այսօր, դժբախտ իրականութեան առջեւ կը գտնուինք. անխուսափելիօրէն թերթը պիտի դադրեցնէ իր առաքելութիւնը՝ 90 տարիներ շարունակ մուտք գործելէ ետք հայոց տուները:
«ՅԱՌԱՋ» տոկաց, հակառակ անոր որ այլ թերթեր, ամէնօրեայ, կամ շաբաթօրեայ, փորձեցին լոյս տեսնել, սակայն չտեւեցին, փակուեցան, նոյնիսկ երբ ունէին արդիական սարքաւորումներ, բան մը, որ «ՅԱՌԱՋ»ը չունէր:
Շնորհիւ թերթին, ժողովուրդը տեղեակ եղաւ, օրը օրին, հայկական կամ միջազգային լուրերուն մասին, կազմակեպութիւններ կրցան թերթի ծանուցումներուն միջոցաւ ծանօթացնել իրենց աշխատանքը: Համայնքը տեղեկացաւ ուրախ կամ տխուր լուրերու մասին, դարձեալ շնորհիւ օրաթերթին:
Շնորհիւ հայ օրաթերթին, եւ ընդհանրապէս բոլոր հայ թերթերուն, զարգացաւ հայ լեզուն, հայ մշակոյթը, եւ պահպանուեցան Մեսրոպեան գեղեցիկ տառերը:
«ՅԱՌԱՋ»ը շարունակեց, հակառակ իր ոչ-արդիական սարքաւորումներուն եւ տպաքանակի նուազումին, շարունակե՛ց, հակառակ զանազան այլ դժուարութիւններու, ինչպէս՝ տպարանի, թուղթի, առաքումի, ընկերային եւ այլ դաժան դժուարութիւններու, որոնց թուումը անկարելի է:
Գաղութը չանդրադարձաւ կամ չուզեց անդրադառնալ, անձեր կամ կազմակերպութիւններ չանդրադարձան եւ իրենց ուսերուն չառին գաղութին ցաւերէն մին: Անոնք աւելի ծանրացան, զբաղեցան աթոռի կռիւներով, բեմերէն բարձրացան, բայց անտեսեցին հայ լեզուի աղէտը, օրաթերթի մը անկումը՝ կեդրոնանալով միայն Ցեղասպանութեան հարցին վրայ, աւելին անտեսելով:
Այսօր կը գտնուինք աղէտի սեմին՝ օրաթերթի մը անհետացումով: Ինչպէս կը բացատրէ Արփիկ Միսաքեան, տասնեակ տարիներէ ի վեր թերթը դադրած է ինքնաբաւ ըլլալէ ու շնորհիւ մի քանի բարերարներու՝ գոյատեւած է:
Ֆրանսահա՛յ գաղութ, ամօ՛թ մեզի, որ այսքան տարիներու կառոյց մը, պատմական հաստատութիւն մը չկրցանք պահել, թաղեցինք մեր անտարբերութեան եւ անհոգութեան պատճառով:
Ոմանք կը խորհին, թէ արդիականացումը, համակարգչային դրութիւնը, պիտի փոխարինեն օրաթերթի մը մուտքը հայ օճախներէն ներս:
Համակարգիչը չի կրնար թերթը փոխարինել. պիտի զրկուինք ամէնօրեայ հայ թերթի մը ներկայութենէ՝ մեր տուներուն մէջ եւ հայերէն տառ տեսնելէ՝ մեր սեղանին վրայ: Այլեւս մեր զաւակները առիթը պիտի չունենան հայ գիրը տեսնելու ամէն օր:
Ոմանք կրնան յուսալ, թէ կարելի պիտի ըլլալ նոր թերթ հրատարակել այս անտարբեր գաղութին մէջ: Լաւատես չեմ, որ նման երազ մը կ՛իրականանայ. կը յուսամ, որ սխալած եմ:
Ամօ՛թ, հազար ամօ՛թ մեզի, ֆրանսայի «ծագումով հայ» ինքնակոչներ:
Փարիզ