ՊՈԼԻՍ, «Զաման».- Գրաւեալ հիւսիսային Կիպրոսի նախագահ Մէհմէտ Ալի Թալաթ Կիպրոսի թրքական լրատու գործակալութեան հետ խօսելու ընթացքին յայտնեց, թէ Կիպրոսի բանակցութիւններու աւարտին, թրքական կողմը հաւանաբար պիտի ստիպուի վերադարձնել իր հակակշռին տակ գտնուող հողատարածքին մէկ մասը։ Թալաթի այս յայտարարութիւնը Թուրքիոյ մամուլին մէջ լայն արձագանգ ստեղծեց ու տեղի տուաւ մեկնաբանութիւններու, որոնց դիմաց նախագահ Թալաթ ըրաւ որոշ ճշդումներ։
Թալաթ ըսաւ, որ բոլորովին անհիմն են Թուրքիոյ մամուլին մէջ հրատարակուած այն լուրերը, ըստ որոնց Կիւզէլեուրտի մէկ մասը պիտի վերադարձուի յոյներուն։ Ան յայտնեց, որ տակաւին յայտնի չէ, թէ ուրկէ՛, որքա՛ն հողամաս պիտի վերադարձուի եւ այս ուղղութեամբ դեռ որեւէ բանակցութիւն չէ կատարուած, ուստի կանխահաս է մանրամասն լուրերու հրատարակութիւնը։
Թալաթ յիշեցուց սակայն, որ արդէն նախկին նախագահ Ռաուֆ Տէնքթաշի ժամանակաշրջանին իսկ, գրաւեալ շրջանի խորհրդարանը որոշած էր հողամաս մը վերադարձնել։ «Կիպրոսի հարցին քիչ-շատ ծանօթ ամէն մարդ գիտէ ասիկա», ըսաւ Թալաթ։