«Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը կը հաղորդէ, թէ թուրք գրող մը, որ կը դատուի իսլամութեան ծնունդին վրայ հիմնուած վէպի մը մէջ կրօնական ատելութիւն հրահրելու ամբաստանութեամբ, ըսած է, թէ իր գիրքը երեւակայական բնոյթ ունի, սակայն արդիւնք է ընդարձակ ուսումնասիրութեան մը եւ կրօնական ղեկավարներու հետ խորհրդակցութեանց, ուստի սրբապղծութիւն չի կրնար նկատուիլ։
Պոլսոյ մէկ դատարանը նշեալ գրող Նէտիմ Կիւրսէլի դատավարութիւնը յետաձգեց մինչեւ 25 Յունիս։ Ան դատապարտուելու պարագային, մէկ տարուան բանտարկութիւն կը դիմագրաւէ։
Հեղինակը թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ իր «Ալլահի դուստրերը» խորագրեալ գիրքը լոյս տեսած էր անցեալ տարի, նաեւ հարցականի տակ կ՛առնէ իսլամութեան մէջ հաւատքի եւ բռնութեան գաղափարները, սակայն կրօնական արժէքները վարկաբեկելու որեւէ նպատակ չունի։
Դատական հարցը յարուցուած էր քաղաքացիի մը կողմէ, որ բողոքած էր, թէ Կիւրսէլ Մուհամէտ մարգարէին, անոր կիներուն եւ Քորանին դէմ անպատշաճ լեզու օգտագործած է։
Ապրիլին, Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողանի ուղղուած բաց նամակով մը Կիւրսէլ նշած էր, թէ այսպիսի դատական հարցեր կը վնասեն Եւրոպական միութեան մաս կազմելու Թուրքիոյ ջանքերուն։