ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ սպասարկութիւնը Յունիս 5ին հանդէս եկած է յայտարարութեամբ, ուր կ՛ըսէ. «Օգտագործելով ընդամէնը 12 օր ծառայութեան մէջ գտնուող եւ դեռեւս զինուորական երդում չտուած նորակոչիկների՝ սոցիալական կարգավիճակի փոփոխութեամբ պայմանաւորուած բարոյահոգեբանական անկայուն վիճակը, ներազդեցութեան յատուկ միջոցների կիրառմամբ՝ ադրբեջանական յատուկ ծառայութիւնների կողմից հանգամանօրէն նախապատրաստուած այդ ակնյայտ ապատեղեկատուութեան նպատակն է ՀՀ Զինուած ուժերի եւ ԼՂՀ պաշտպանական բանակի մասին մտացածին տեղեկութիւնների տարածման քօղի ներքոյ բարձրացնել սեփական հասարակութեան ներսում սեփական Զինուած ուժերի բարոյալքուած վարկն ու հեղինակութիւնը»։
Ինչպէս ծանօթ է, Մայիս 31ին, ԼՂՀ պաշտպանական բանակի նորակոչիկներ Օհան Յարութիւնեան եւ Գէորգ Թովմասեան, ինքնակամ լքած էին զօրամասը եւ յայտնուած՝ ատրպեճանական կողմ։ Ատրպեճանական լրատուամիջոցները, այս ծիրէն ներս, վերջին շրջանին կը տարածեն տեղեկութիւններ, որոնց համաձայն այդ նորակոչիկները կը պատմեն հայկական զինուած ուժերուն մէջ՝ իբր թէ տիրող անմխիթար վիճակին եւ բազմաթիւ անօրէնութիւններուն մասին։
Ըստ յայտարարութեան, ատրպեճանական քարոզչական այս հնարքը անգամ մը եւս կը վկայէ, որ Ատրպէյճանը կը փորձէ ձեւով մը համեմատուիլ մարտական եւ բարոյահոգեբանական պատրաստուածութեամբ իրեն գերազանցող Ղարաբաղի Զինուած ուժերուն հետ։
«Ցաւալի է, որ Ադրբեջանի Զինուած ուժերի ղեկավարութիւնն այս կերպ սեփական հասարակութեանն ու Զինուած ուժերի անձնակազմին մղում է ինքնախաբէութեան եւ արկածախնդրութեան։ Ադրբեջանի յատուկ ծառայութիւնների՝ հայ նորակոչիկների կողմից ցուցմունքների կորզման, հասարակութեան մէջ ակտիւ շահարկման եւ հանրային ցուցադրման փաստերը միջազգային մարդասիրական կառոյցների ուշադրութեան կարիքն ունեն, քանի որ խախտում են այդ նորակոչիկների՝ Ժընեւի երրորդ կոնվենցիայի 13րդ եւ չորրորդ կոնվենցիայի 27րդ յօդուածներով նախատեսուած «Հասարակութեան հետաքրքրասիրութիւնից» պաշտպանութեան դրոյթները», կ՛ըսուի պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։