ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Թեղուտի անտառներու պաշտպանութեան նախաձեռնող խումբի ներկայացուցիչներու մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Յունիս 3ին փաստաբան Հայկ Ալումեան յայտարարած է, որ նախաձեռնող խումբը դատական հայց մը նախապատրաստած է Թեղուտի պղնձամոլիպտենային հանքավայրի շահագործման ծրագիրին դէմ։ «Հայցը համարեա պատրաստ է», տեղեկացուցած է փաստաբանը եւ նշած՝ որ 2001 թուականէն ի վեր եղած են վարչական արարքներու լուրջ խախտումներ թէ՛ ներպետական եւ թէ միջազգային մակարդակներու վրայ։
Ասուլիսին մասնակից «Թրանսփարենսի Ինթերնեշընըլ հակակոռուպցիոն կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Սոնա Այվազեան նշած է, որ իրենք հանդիպում ունեցած են երկրի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանին հետ, որուն կարգադրութեամբ ստեղծուած է մասնագէտներու խումբ մը, որ հանքավայրի շահագործման 25 տարուան փորձաքննութիւն մը պիտի կատարէ։ Այս որոշումէն ետք, Թեղուտի աշխատակիցները խնդրած են դադրեցնել գործունէութիւնը եւ փորձաքննութիւն կատարելէ ետք միայն շարունակել ծաւալած աշխատանքները, սակայն, վարչապետը նշած է, որ նման որոշում չի կրնար կայացուիլ, որովհետեւ նոր փորձաքննութիւնը բաւականաչափ հիմք չէ անոր համար։ Ան նաեւ ըսած է, որ նման որոշման հիմք կրնայ հանդիսանալ միայն դատական հայցը, որ եւ պատրաստուած է նախաձեռնող խումբին կողմէ։
«Փանորամա» կ՛աւելցնէ, թէ Թեղուտի անտառներու պաշտպանութեան եւ Թեղուտի հանքերու շահագործման առիթով, Յունիս 3ին տեղի ունեցած է մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին «Էկոդար» հասարակական կազմակերպութեան անդամ Հրայր Սաւզեան յայտնած է, թէ Թեղուտի անտառներու պաշտպանութեան համար կազմակերպութիւնը հաւաքած է աւելի քան 5000 ստորագրութիւն։ Ըստ Սաւզեանի, կարեւոր է այն փաստը, որ մարդիկ մեծ սիրով ու պատրաստակամութեամբ կը մասնակցէին ստորագրահաւաքին։ Յունիս 5ին՝ շրջակայ միջավայրի պաշտպանութեան օրը, հասարակական կազմակերպութիւնը նոյն հարցով երթ մը կը կազմակերպէ ու հարցին վերաբերեալ թռուցիկներ կը բաժնէ։
«Էկոդար» հասարակական կազմակերպութեան ներկայացուցիչի խօսքով, ստորագրահաւաքին միացած են նաեւ նախկին եւ նարկայ առաջին տիկիններ Պէլլա Քոչարեանն ու Ռիթա Սարգսեանը։ Սակայն, աւելի ուշ հերքուեցաւ այն տեղեկութիւնը, թէ ստորագրողներէն մէկը Ռիթա Սարգսեանն է: Կազմակերպութիւնը նպատակ ունի, ստորագրութիւնները հետագային ուղարկել հանրապետութեան նախագահին, վարչապետին եւ ԱԺ նախագահին։